ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնաժողովը (CERD) դատապարտած է Ազերպայճանի պատերազմական յանցագործութիւնները եւ հայատեաց պետական քաղաքականութիւնը

 

ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնաժողովը (Committee on the Elimination of Racial Discrimination (CERD) Օգոստոս 30-ի ուշ երեկոյեան հրապարակած է Ազերպայճանի դէմ ներկայացուած զեկոյցներու վերաբերեալ իր եզրակացութիւնը: Փաստաթուղթով՝  Յանձնաժողովը յստակ ձեւակերպումներով դատապարտած է Ազերպայճանի պատերազմական յանցագործութիւնները եւ հայատեաց պետական քաղաքականութիւնը:

Ազերպայճանագէտ Անժելա Էլիբէգովա, ի պատասխան զեկոյցին մէջ տեղ գտած հիմնական շեշտադրումներու վերաբերեալ Panorama.am-ի հարցումին ըսած է.-

“Զեկոցին մէջ ներառուած են Ազերպայճանի՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ հայատեացութեան բազմաթիւ դրսեւորումներ՝ սկսած ռազմական յանցագործութիւններէն մինչեւ պաշտօնական յայտարարութիւններու, լրասփիւռներու, ինչպէս նաեւ մանկական գրականութեան եւ դասագիրքերու մէջ տեղ գտած օրինակներով:

Ոչ-պետական զանազան կազմակերպութիւններ հայկական կողմէն նախապատրաստած են իրենց ընթացիկ զեկոյցները եւ ներկայացուցած՝ ՄԱԿ-ի CERD-ի յանձնաժողովին, խնդրելով զանոնք նկատի առնել եւ ներառել հիմնական զեկոյցին մէջ:

Դասագիրքերու եւ մանկական գրականութեան վերաբերեալ ես եւ փորձագէտ Արմինէ Ադիբեկեան միասին պատրաստած էինք զեկոյց մը՝ ազերպայճանական դասագիրքերէն ներկայացնելով յստակ օրինակներ, թէ  ինչպէ՛ս հայատեացութիւնը Ազերպայճանի մէջ իբրեւ պաշտօնական քաղաքականութիւն մանկահասակ երախաներու հոգեբանութեան վրայ ներազդելով կը կիրարկուի եւ թէ այնտեղ ի՛նչ ձեւերով սերունդ կը դաստիարակեն”։

Անժելա էլիբեգովա անդրադարձած է նաեւ  ՄԱԿ-ի հրապարակած եզրակացութիւնը իբրեւ հայկական դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս՝ արտաքին քաղաքականութեան գործիք օգտագործելու կարելիութիւններուն:

“Նման զեկոյցներ, անշուշտ, շատ կարեւոր են միջազգային դատարաններ դիմելու պարագային, բայց ես վստահ չեմ, որ այսօր մեր պետութիւնը պատրաստ է այդ լծակը օգտագործելու, առաւել եւս մենք պետութեան կողմէ այս հարցին գծով որեւէ աջակցութիւն չենք ստացած եւ մեր զեկոյցը պատրաստելու համար ինքնուրոյն աշխատած ենք: Յամենայն դէպս, այս գործիքը յաւելեալ լծակ մըն է միջազգային կառոյցներու մէջ Ազերպայճանի դէմ օգտագործելի”,– նշած է ազերպայճանագէտը:

Խմբագրական