Search
Close this search box.

Մահ՝ Կարպիս Ափրիկեանի

Հոկտեմբեր 15-ին, իր ընտանիքէն մեզի հասած ելգիր մը կը գուժէ մահուան բօթը վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի։ Ան հոգին աւանդած է նոյն օրը՝ առաւօտեան, Մալաքոֆի իր բնակարանին մէջ, 98 տարեկանին։ Նոյն ելգիրով կ՚ըսուի թէ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային։

«Մաէսթրօ»-ին տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողի մէջ։ Հոս պիտի գոհանանք միայն յիշեցնելով թէ անոր անունն ու յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որու խմբավարութիւնը ստանձնած է այնքա՜ն երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած է այն բարձունքին, որուն վրայ կը գտնուի այսօր։ Ափրիկեանի անունը պիտի յիշատակուի նաեւ «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» դիւցազներգութեամբ՝ իր ամէնէն կարեւոր յօրինումը, ի շարս այլ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու։

Յիշեցնենք, թէ դեռ քանի մը օր առաջ Փարիզի քաղաքապետարանը իր հեղինակաւոր «Վերմէյլ» շքանշանով պարգեւատրած էր վաստակաշատ վարպետը։

«ՆՅ» – Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները ընտանիքին։