Search
Close this search box.

Մահ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի

Ցաւով տեղեկացանք, թէ Փետրուար 15-ի գիշերը իր մահկանացուն կնքած է համաշխարհայնօրէն ծանօթ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեան։ 

Ողբացեալը ծանօթ էր «60-ականներու աչքը» ծածկանունով, քանի որ 1962-էն սկսեալ ան լուսանկարած է յատկապէս երաժշտական աշխարհի ամենածանօթ աստղերը։ Անոր ոսպնեակը ովքե՜ր ովքե՜ր չէ կլանած որ… դժուար պիտի ըլլար ամբողջական  ցանկը ներկայացնել։ Բայց յիշենք անոնցմէ մի քանին… Շառլ Ազնաւուր, Էտիթ Փիաֆ, Ժաք Պրել, Պիթըլզ, Ռեյ Չարլզ, Միք Ճեկըր, Սերժ Կենզպուռ, Ճոնի Հալիտեյ, Ֆրանսուազ Հարտի, Ժաք Տիւթրոն…

Սերժ Կենզպուռ՝ 1963-ի ձմռան, Փարիզի Վոքթոր Հիւկօ հրապարակին վրայ (Ռոժէ Գասպարեանի արխիւէն)

Ռոժէ Գասպարեան ծնած է Փարիզ 1938-ին: Անոր կեանքին մէջ շրջադարձային եղած է 1962-ին հանդիպումը՝ Paris-Jour-ի համար աշխատող անկախ լուսանկարիչ Ժան-Տոմինիք Քիֆեր-Տուրեանի հետ, որ կը փնտռէր լուսանկարիչ մը, բայց յատկապէս կառք ունեցող լուսանկարիչ մը, ամէն կողմ հասնելու համար: Հաւանաբար, այսպէսով ալ Ռոժէ Գասպարեանի մէջ՝ լայն աշխարհագրութեան մէջ գործելու սերմերը ցանուած են։ 

Բայց այդ համագործակցութիւնը երկար չէ տեւած՝ միայն մինչեւ 1963, Ռոժէ որոշած ըլլալով անկախ աշխատիլ, մինչ ծնունդ կ՚առնէր երիտասարդ երաժիշտներու ամբողջ սերունդ մը, որ պիտի կոչուէր «Yéyé»։

Պիթըլզի համերգէն՝ 1963-ին, «Օլեմփիա» սրահին մէջ (Ռոժէ Գասպարեանի արխիւէն)

Ռոժէ՝ անոնց տարեկից, կը գուշակէ, որ պայթումի համազօր այս նորաձեւութիւնը կարճատեւ պիտի չըլլայ ու այդպէս ալ կ՚որոշէ յառաջանալ անոնց քայլերով ու դառնալ երաժշտական ​​լուսանկարիչ:

Ռոժէ՝ Ֆրանսուազ Հարտիի հետ, Գոթ տ՚Ազիւրի մէջ, 60-ական թուականներուն (Ռոժէ Գասպարեանի արխիւէն)

70-ականներու սկիզբը Yéyé-ի ալիքը կը վերջանայ, Ռոժէ կ՚որոշէ դադրեցնել այս «արկածախնդրութիւնը»՝ կրկին «լուրջ» դառնալու համար։ Ան կը ստանձնէ իր հօր լուսանկարչական նախկին աշխատանոցը՝ Studio Boissières-ը՝ նկարելով ինքնութեան լուսանկարներ, հարսանիքներ (ըստ անոր՝ լաւագոյն լուսանկարչական դպրոցը), մկրտութիւններ եւ այլն, միաժամանակ իր արուեստը ի սպաս դնելով նաեւ քաղաքային խորհուրդներու եւ մա՛նաւանդ՝ Հայ համայնքին: Այսպէս, ան հանրային «մեծ բեմ»-էն կը քաշուի շուրջ 40 տարի:

2011-ին Ռոժէ անհաւանական հանդիպում մը կ՚ունենայ վինիլային սկաւառակներու հաւաքորդի մը հետ, որ խորապէս հիացած է անոր անթիւ-անհամար լուսանկարներով ու մա՛նաւանդ անոնց որակով։   Երկու տարի կը փորձէ զայն համոզել ցուցադրելու համար անոր լուսանկարները։ Ի վերջոյ, 2013 Յունիսին Snap Galleries (Rock լուսանկարներու մասնագէտ, ի Լոնտոն) կը կազմակերպէ առաջին ցուցահանդէսը՝ բացայայտելով անոր աշխատանքին փոքր մէկ մասը։ Այս ցուցահանդէսին, Սեպտեմբերին կը յաջորդէ Պելքուրի (Լիոն) ArtClub Gallery-ի աւելի ստուար ցուցահանդէսը:

Աւելցնենք, որ անոր դուստրը՝ Լիտիա Գասպարեան եւս ծանօթ լուսանկարիչ է, հայ համայնքի կարեւորագոյն ձեռնարկներու միշտ ներկայ վկայագրող մը։