«Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը եւ հայաստանեան թեմերը այս օրերուն լծուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն հոգեւոր, մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներու հոգածութեան աշխատանքներուն։
Նորին Սրբութեան յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի Արցախէն բռանագաղթած մեր զաւակները կեցավայրերով ապահովելու խնդիրը։ Ներկայիս Մայր Աթոռի, Վայոց Ձորի, Շիրակի, Գուգարաց, Գեղարքունեաց, Արմաւիրի, Սիւնեաց, Մասեացոտնի, Արագածոտնի, Կոտայքի, Տաւուշի թեմերը՝ տեղահանուած Արցախցիները կացարաններով ապահովելու աշխատանքին լծուած են։ Արդէն իսկ թեմապատկան կացարաններու մէջ բնակութիւն հաստատած են մեծաթիւ Արցախցիներ։
Հոգեւորականները կ՚այցելեն իրենց համայնքներուն մէջ հաստատուած ընտանիքներուն։ Հոգեւոր խնամքի եւ կարիքի գնահատման զուգահեռ, հայաստանեան բոլոր թեմերէն ներս կը ցուցաբերուի ընկերային աջակցութիւն՝ սնունդով, հագուստով եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով ապահովելով տեղւոյն վրայ հաստատուած Արցախահայութիւնը։ Մասեացոտնի թեմը արդէն համակարգուած կերպով ամէն օր սնունդով կ՚ապահովէ շուրջ 400 հոգի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի և ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ գործող Երեւանի եւ Վաղարշապատի բարեսիրական ճաշարանները նոյնպէս պատրաստ են սնունդով ապահովելու Արցախահայերը։
Իզմիրլեան բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւս այս ծանր օրերուն պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն տրամադրելու Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն:
Արցախահայերուն հոսքը տակաւին կը շարունակուի։ Կարիքի ամբողջական գնահատումը աւարտելէ ետք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը հանդէս կու գայ իրականացուող ծրագրերու վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններով»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։