Search
Close this search box.

Մայր Աթոռը որոշում կայացուցած է պահպանելու Արցախի թեմը

 

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ նիստերուն որոշում կայացուած է պահպանելու Արցախի թեմը։

Մայր Աթոռի տեղեկատուական կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ժողովականները քննարկած են պետութեան առջեւ ծառացած յետպատերազմեան մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր ժառագութեան պահպանման վերաբերեալ խնդիրները:

Ժողովին զեկոյցով հանդէս եկած են Արցախի նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:

«Արցախի թեմի լուծարումը տեղի չի ունենայ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, լուծարուեց Արցախի պետականութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յուրախութիւն բոլորիս յայտարարեց, որ Արցախի թեմը չի լուծարուելու, այլ գործառոյթներն են մի փոքր փոխուելու։ Այն իր նպատակին կը ծառայի: Սա կը նշանակի, որ մենք մեր սրտում նորից Արցախ վերադառնալու երազանքը կը փայփայենք»,– յայտնած է Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։