Սեպտեմբեր 28-ին եւ 29-ին կը նախատեսուին Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնները։
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ կը պահուի միւռոնի օրհնութեան 130-ամեայ կաթսան, որ 1895 Յունուար 1-ին Ս. Էջմիածնի նուիրած է նորնախիջեւանցի վաճառական Աղա Գասպար Յարութիւնեան-Կարապետօղլեան: Ան պատրաստուած է Մոսկուայի` Փ. Օվչիննիքով արհեստանոցին մէջ:
Կաթսայի վրայ պատկերուած են Քրիստոսի մկրտութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտչի ձեռքով, Աբգար արքայի մկրտութիւնը Ս. Թադէոս առաքեալի կողմէ, արքայական ընտանիքի մկրտութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ, Միածին Որդու էջքը, Մայր տաճարը եւ հոգեգալուստը: Կաթսայի գծագրութեան ծախսերը հոգացած է Յարութիւն Եզեանց, իսկ կաթսայի վրայի ձուլածոյ կաղապարները պատրաստուած են Սերովբէ Յարութիւնեանի տպարան-գործատան մէջ:
Առաջին անգամ այս կաթսային մէջ միւռոն օրհնած է Խրիմեան հայրիկը՝ 1897 Սեպտեմբեր 14-ին: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։