Search
Close this search box.

Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինը կը դատապարտէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին պատկանող “Կովերու պարտէզ” կալուածին շուրջ շարունակուող գրգռիչ գործողութիւններու մասին։ Դեկտեմբեր 28-ին երեք տասնեակէ աւելի զինուած անձեր ներխուժած են “Կովերու պարտէզ”-ի տարածք, իրագործած բռնի արարքներ, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած են Պատրիարքութեան  եկեղեցականներ եւ  տեղւոյն հայ համայնքի անդամներ։ 

Ակնյայտ է, որ գրգռողները կրկին անգամ կը փորձեն ահաբեկութեան, սպառնալիքներու եւ բռնի գործողութիւններու միջոցով հասնիլ “Կովերու պարտէզ” կալուածի իւրացման՝ ոտնահարելով օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերը։ 

Խստօրէն դատապարտելով կատարուածը՝ կը յուսանք, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները իրաւաչափօրէն կ՚արձագանգեն Պատրիարքութեան եւ Սաղիմահայերու դէմ դրսեւորուած յանցագործական այս արարքներուն, պատասխանատւութեան կ՚ենթարկուին մեղաւորները եւ կը բացառուի նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը։ 

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան եւ հայ համայնքին՝ հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնը»։