Նոյեմբեր, 10-ին Միածնաէջ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին, հիւրաբար Սուրբ Էջմիածին ժամանած Փրակայի արքեպիսկոպոս Եան Կրաուպներ Մայր Աթոռին ընծայած է հայոց առաջին լուսաւորիչ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալի մասունքը։
Աﬔնայն հայոց կաթողիկոսը սուրբին մասունքով օրհնած է ներկաները` հայցելով Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալի բարեխօսութիւնը մեր հայրենիքի խաղաղութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։