Search
Close this search box.

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած է կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ

 

Կաթողիկոսը դատապարտած է դասագիրքերէն «Հայ եկեղեցու պատմութիւն» առարկան ջնջելու որոշումը  

Օգոստոս 31-ին, 2024-2025 ուսումնական նոր տարեշրջանին ընդառաջ, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցած է կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգը:

Արարողութեան ներկայ եղած են կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համալսարաններու, հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններ եւ մանկավարժներ:

Օրհնութեան կարգի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը հաղորդած է կրթության բնագաւառի երախտաւորներուն` նշելով, թէ առանձնակի խորհուրդ ու նշանակութիւն ունի կրթութեան մշակներու ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնին մէջ, ուրկէ սկիզբ առած է հայալեզու ուսուցումն ու կրթութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայարապետը ընդգծած, որ համաշխարհայնացման եւ արժեհամակարգի նենգափոխման մերօրեայ յորձանուտին մէջ կ՚անտեսուին եւ ետ կը մղուին իրական արժէքները՝ ազգերն ու հասարակութիւնները կանգնեցնելով հակասութիւններու եւ գոյաբանական խնդիրներու առջեւ։

Անդրադառնալով մատաղ սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան մէջ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Հայոց հայրապետը յայտնած է, որ անկախ պետականութեան հաստատումէն ի վեր Եկեղեցին աջակցած է հայրենի պետութեան կրթադաստիարակչական գործունէութեան եւ նպաստած ազգային նկարագրով, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հարուստ գիտելիքներով սերունդ կրթելու աշխատանքին։

“Այս կարեւոր նպատակին էր ուղղուած նաեւ «Հայ եկեղեցու պատմութիւն» առարկան, որ այլեւս չի դասաւանդուելու։ Ցաւ ի սիրտ ենք արձանագրում, որ այսօր ամէն ջանք գործադրւում է հայ դպրոցի հիմնադիր Հայոց եկեղեցուն դուրս մղելու նոյն դպրոցից, փորձ է արւում արժեզրկել հայ ժողովրդի  կեանքում Ազգային եկեղեցու հոգեփրկչական, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքների եւ ինքնութեան պահպանման գործում իրականացրած բացառիկ  առաքելութիւնը՝ հանրակրթական նոր դասագրքերում այլափոխուած եւ աղճատուած ներկայացնելով նրա պատմութիւնը։ 

Պատմութիւնը պէտք է վերանայել սխալները ճանաչելու եւ ուղղելու նպատակով, իսկ մեր երկրի ու հայրենի պետականութեան ապահով ներկան ու մա՛նաւանդ ապագան կարող ենք կերտել առ Աստուած մեր հաւատքին ու աւանդներին եւ դրանցով ներշաղախուած մեր ազգային նկարագրին հարազատ ու հաւատարիմ մնալով։ Սա է մեր պատմութեան մատուցած գլխաւոր դասը, որը երբեք չպիտի մոռանանք”,– նշած է Հայոց հովուապետը՝ պատգամելով ուսուցիչներուն սիրով, նախանձնախնդրութեամբ ու հաւատքով նուիրուելու, իրականութիւն դարձնելու կենսունակ ու արդար հասարակութիւն եւ ինքնիշխան ու հզօր պետութիւն կերտելու ազգային մեր երազանքը։

Յաւարտ օրհնութեան կարգի, ի պատիւ հրաւիրեալներու տեղի ունեցած է ընդունելութիւն։