Search
Close this search box.

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուած է Ռումանիոյ Հայոց թեմի հիմնադրութեան 620-ամեակը

 

Յուլիս 11-ին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի հիմնադրութեան 620-ամեակի յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկը սկսած է Տէրունական աղօթքով, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ դեսպանը, այս առիթով Հայաստան ժամանած Ռումանիոյ Հանրապետութեան Կրօնական հարցերու նախարարը եւ Ռումանական Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Վարլաամ եպիսկ. Փլոյեսթանուլ: 

Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը հաղորդած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Անդրադառնալով աւելի քան վեց հարիւրամեակ առաջ պատմական Հայաստանի տարբեր վայրերէն Ռումանիա ապաստանած հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ հայկական համայնքի հիմնադրման եւ այդ հիւրընկալ երկրին մէջ հայորդիներու հոգեւոր ու ազգային կեանքին` Գարեգին Բ. ընդգծած է.-

“Նուիրական յիշատակներ ունենք Ռումինիայում` դարերի խորքից եկող վանական ու եկեղեցական կառոյցներ, մշակութային եւ պատմական յուշարձաններ: Այնտեղ գործել են հայկական տպարաններ, թերթեր ու պարբերականներ, հայազգի նշանաւոր պետական, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, արուեստի ու մշակոյթի, կրթութեան նուիրեալներ, ինչը վկայութիւնն է բեղուն հայ կեանքի եւ արձանագրուած մեծ յաջողութիւնների: 

Այսօր Ռումինիայի հայ համայնքը դարձել է փոքրաթիւ, սակայն ծառացած խնդիրների ու մարտահրաւէրների դիմակայումով շարունակում է հաւատարիմ մնալ առ մեր Սուրբ եկեղեցին եւ հայրենին` նախանձախնդրութեամբ եւ ստեղծագործ աշխատանքով նաեւ ներդրում բերելով Ռումինիայի շինութեանն ու բարգաւաճմանը”: 

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուած է, որ Ռումանիոյ Հայոց թեմի հռչակումով եւ վաւերացումով վեց դար առաջ վկայուած հայ-ռումանական բարեկամութիւնը մեծ հարստութիւն է եւ ամուր հիմք՝ այսօր առաւել զօրացնելու երկու ժողովուրդներու ու պետութիւններու յարաբերութիւնները: Այս առիթով Հայոց Հովուապետը իր գնահատանքը յայտնած է Ռումանիոյ իշխանութիւններուն եւ Ռումանական Ուղղափառ եկեղեցւոյ, որոնց աջակցութեամբ տեղւոյն թեմը վերազարթօնք կ՚ապրի` հոգեւորականաց ծառայութեամբ եւ անոնց սատարող հաւատացեալ հայորդիներու նուիրեալ գործունէութեամբ: 

Այնուհետեւ Գարեգին Բ. թեմի հիմնադրման 620-ամեակին կապակցութեամբ Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեանին առաջնորդական բարեջան ծառայութեան գնահատանքով շնորհած է եպիսկոպոսական պանակէ` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ տէրունապատուէր առաքելութեան մէջ:

Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յանձնած է Դանիէլ պատրիարքին կողմէ Վեհափառ Հօր շնորհուած Ռումանիոյ պահապան Սուրբ Անդրէաս առաքեալի շքանշան-պանակէն, իսկ Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեանին` «Սուրբ Յովհաննէս-Յակոբոս» շքանշան-պանակէն:

Հանդիսութիւնը աւարտած է համերգով։ Կոմիտաս վարդապետի ու Արմէն Տիգրանեանի ստեղծագործութիւններու կատարումներով հանդէս եկած են «Ա. Սպենդիարեան» օփերայի մեներգիչներ Կիմ Սարգսեան եւ Լուսինէ Ստեփանեան: Ներկաները նաեւ ունկնդրած են «Կոմիտաս» քառեակին կողմէ ներկայացուած Ռախմանինովի, Տըպիւսիի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ եւ Կոմիտաս-Ասլամազեան մանրանուագները: