Մայիս 17-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, ընդլայնուած կազմով:
Ժողովին պիտի քննարկուին Մայր տաճարի հիմնական նորոգութեան, Միւռոնօրհնութեան կազմակերպման, Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, Հայաստանի եւ Արցախի թեմերու կրթադաստիարակչական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին առնչուող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։