Search
Close this search box.

Մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար

Յայտարարութիւն

Մանկավարժհայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագրեր ընդունիլ սփիւռքէն: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն` ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով հայերէնագիտական մարզի մէջ: Կ՚ընդունուին նաեւ ուսանողներ, որոնք իրենց ուսումը կը փափաքին շարունակել Երեւանի Պետական համալսարանի հայերէնագիտական ամպիոնին մէջ մագիստրոսի երկամեայ ծրագրով: Թեկնածուները պարտին ունենալ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան կամ գրականութեան BA վկայականներ:

Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը:

Դիմումնագրերը Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին: