Մանկացում

Հանրակառքէն կ՚երեւին ցիր ու ցան փայտեայ տնակներ՝ սուր, կարմիր կտուրներով, պատուհան մը իւրաքանչիւրին լայնքին տեղ մը, կարճ սանդուխ մը եւ կանաչ խոտերը հատող եւ ճերմկցնող բարակ ուղի մը դէպի տունը: Ուշադրութիւն չես դարձներ փայտեայ արդիական պատշգամներուն, ասֆալթեայ ճամբաներուն, սակայն կը տեսնես գունաւոր ծաղիկներու խնամքով ցանուած փունջերը. պատկերի, գծագրութեան մը պէս կ՚երեւի ամէն ինչ: Գծագրութիւն մը, որ կ՚ամբողջանայ քանի մը լեռնագագաթներով, կապոյտ երկնքին մէջ ամպիկներու կտորներով եւ իրարու միացող սեւ երկու գծիկներով, որոնք վստահաբար, նկարի մը մէջ, երկինքը զարդարող թռչուններ կը պատկերացնեն:

Վերը նկարագրուած տնակներուն եւ բնապատկերներուն նմանները մեզմէ ո՞վ չէ գծած մանկութեան՝ թուղթի մը վրայ, իր երեւակայութեան տունը՝ բնութեան գիրկը: Մարդակերտ տուն մը բնութեան մէջ եւ մարդը որպէս մասնիկ բնութեան: Արդեօք միայն ե՞ս յիշեցի մանկութեան գծած տունս կամ ինչո՞ւ յիշեցի, կապ մը կա՞ր հոս գալուս եւ մանկութեանս միջեւ…: Թերեւս…:

Գետակը կը կարկաչէ գիշերը, ցերեկը, ամէն վայրկեան, ամէն տեղ կը լսուի ջուրին հոսումը, զարնուիլը նաեւ ժայռերուն, հովին սուլոցը երբեմն, թռչուններուն ձայնը, որ հազիւ կը լսուի, բայց գոյ է, իր տեղն ու դերը ունի այս պատկերաւոր բնութեան մէջ:

Վայրին անունը կամ տեղը երբեք կարեւորութիւն չի ներկայացներ, զգացումներու զարթնումն է էականը, որ կրնայ որեւէ վայրի մը մէջ տեղի ունենալ: 

Հանրակառքը կանգ կ՚առնէ այս գեղատեսիլ բնութեան մէջ տեղ մը: Տեղ մը, ուր ստեղծուած են հաղորդակցութեան բոլոր նախապայմանները խումբ մը մարդոց, որոնք ծնած եւ մեծցած են տարբեր երկիրներու մէջ, ծծած եւ սնած են տարբեր բարքեր ու սովորութիւններ: Էականը ստեղծումն է այնպիսի հաղորդակցութեան լեզուի մը, որ բոլորէն անցնող թել մը կը պարունակէ, այլ ստեղծել տա՛լ հաղորդակցութեան միակ լեզուն՝ արեւմտահայերէնը: Հսկայական ներդաշնակ աշխատանք մը, որ երբեք նկատելի չէ շօշափելիօրէն, բայց գոյ է միշտ:

Հարիւրէ աւելի՝ մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու, միջին եւ աւելի բարձր տարիքով անհատներու համախմբում մը՝ Պոլսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ եկած, չորս շաբթուան ճամբարային ծրագրի մը հետեւելու գողտրիկ վայրի մը մէջ, որ մանկութիւն կը բուրէ: Այո՛, մանկութիւն: Մանկանալու փափաք մը, երբ ամէն ինչ նոր սկիզբով մը հասակ առնել կը սկսի, սնիլ եւ ծիլ տալ թոթովանք առ թոթովանք, հնչիւն առ հնչիւն, բառ առ բառ… եւ խօսքը կը սկսի ձեւաւորուիլ մանուկին հնչիւններով, դառնալ ի՛ր լեզուն, սեփականը, կերտուիլ իւրովի, ի՛ր ջանքերով, առանց արտաքին ներդրումի, բայց շատ զօրեղ ցանկութեամբ, որ զարթնումով մը կը բռնկի եւ կ՚ուզէ տարազաւորուիլ այս միջավայրին մէջ:

Սկիզբը հնչիւնները կ՚աղարտին, կարծես անգիտակցաբար կ՚ուզեն աղարտող հնչիւնները խօսուիլ դուրս գալու համար, ելլելու եւ անկէ ետք փոխարինուելու բոլորին կողմէ հասկնալիով. գործընթաց մը, որ օրերու հոսքով կ՚երեւի: Երգի սիրահարներ կը սկսին իրենց սիրած օտար երգերուն բառերը թարգմանել հայերէնի, ոտանաւոր սիրողներ՝ կը ներշնչուին եւ գրելու առաջին փորձերով թուղթեր կը մրոտեն, հետազօտել սիրողներ քարտէսագիտութեամբ կը զբաղին, թատրոն սիրողներ՝ թատրոններ կը ստեղծեն ժամանակակից, իրենց թարմ ապրումներն ու մտածողութիւնը կրող, պարը սիրողներ մաս կը կազմեն պարողներու շղթային…: 

… Եւ երգը, խօսքը, ոտանաւորը, թատրոնը, պարը… կը զարգանան ներշնչումով եւ մա՛նաւանդ անտեսանելի քաջալերանքով հասակակիցներու եւ բոլոր ներկաներու: Ոտանաւորին մէկը կը վերածուի տասնի, քսանի, թարգմանուած եւ կատարուած երգին մէկը՝ երկուքի, երեքի, եւ երգերուն թարգմանիչը կը տեսնես միշտ թուղթ ու գրիչով, կը հետաքրքրուիս առանց հարցնելու, վստահելով որ պիտի տեսնես ատոր հետեւանքը շուտով եւ իսկապէս չ՚ուշանար՝ գրուածը, մշակուածը ինքնաստեղծ օրօր մըն է, որ կ՚երգուի ստեղծողին հնչիւններով:

Խաղերով, երգերով, ներկայացումներով, պարերով կ՚անցնին չորս շաբաթները, հարազատութիւնը կ՚աճի շաբաթներուն հոսքով, աչքերը կը սկսին իրարու հետ հաղորդակցիլ եւ լեզուն անկաշկանդ կը սպրդի բերնէն, քիչ մը ինքնավստահ, նոր հնչիւններով ողողուն, նոր բայց անցեալի դրոշմով, որ հոս որպէս հաղորդակցութեան թել ամրացաւ այս կարճ ժամանակամիջոցին, եւ՝ «Երանի՜ մեր տունը «Զարմանազան»-ին մօտ ըլլար»,– կ՚ըսէ պատանեկիկ մը հրաժեշտի պահուն: Խօսք մը, որ ինքնին կը փաստէ փոքր համայնքի մը կազմաւորումը: Ալ երեւակայեցէք, եթէ այսպիսի ընթացքով, մեթոտներով փոխարինուին սփիւռքի մեր բոլոր վարժարաններուն մեթոտները, տարուան ինը ամիսները ինչե՜ր կը կերտուին արեւմտահայերէնին համար: 

Այս բոլորին ետին կանգնած է արեւմտահայերէնի կարգավիճակով մտահոգ, անոր գոյատեւման համար ջանք չխնայող հսկայ հաստատութիւն մը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը: 

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■

Խմբագրական