Search
Close this search box.

Մասուտ Փեզեշքեան՝ Իրանի նորընտիր նախագահը

Փեզեշքեան (ձախին) եւ Ճալիլի

Բարեկարգչական Մասուտ Փեզեշքեան՝ յաղթելով Իրանի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին՝ դարձաւ երկրի 9-րդ նախագահը։

Իրանի Ներքին գործոց նախարարութեան ընտրական յանձնաժողովին համաձայն՝ նախնական արդիւնքներով Մասուտ Փեզեշքիան ստացած է քուէներուն 53,6 առ հարիւրը, կամ՝ 16 միլիոն 384 հազար 403 ձայն, իսկ պահպանողական Սաիտ Ճալիլի՝ 13 միլիոն 538 հազար 179։

Նորընտիր նախագահը յայտարարած է. «Բոլորին բարեկամութեան ձեռք պիտի երկարեմ։ Ամէնքս  այս երկրին ժողովուրդն ենք եւ պէտք է Իրանի յառաջդիմութեան համար բոլորին օգնութեան դիմենք»։