Search
Close this search box.

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Կրթական մշակ Անի Յովսէփեանի ողբերգական մահը

Մարսիլահայութիւնը եւ բոլոր անոնք որոնք Մարսիլիայէն դուրս, ծանօթ էին տասնամեակներու կրթական մշակ Անի Յովսէփեանին, ցնցուած են անոր ողբերգական մահով։

Ըստ ֆրանսական մամուլին՝ հրշէջ-փրկարարները Յունուար 26-ին Մարսիլիոյ առաջին թաղամասին մէջ գտնուող շէնքի մը յարկաբաժիններէն մէկը փութացած են,– ըստ երեւոյթին ահազանգի մը ընդառաջելով,– ուր յայտնաբերած են շնչահեղձ վիճակի մէջ 72-ամեայ կին մը, իմա՝ Անի Յովսէփեանը։ Փորձած են վերակենդանացնել, բայց ի զուր։ 

Նոյնպէս ըստ ֆրանսական մամուլին՝ անոր 67-ամեայ կողակիցը անմիջապէս հսկողութեան տակ առնուած է, որպէս գլխաւոր կասկածեալ։ Մարսիլիոյ դատախազութիւնը աւելի ուշ հաղորդած է, թէ վերջինս խոստովանած է ոճիրը, առանց բացատրել կարենալու դրդապատճառները։ Կ՚ըսուի, թէ կասկածեալը ներընտանեկան յանցանքի ոչ մէկ նախադէպ ունեցած է ըստ ոստիկանական արձանագրութեանց։ 

Պոլիս ծնած Անի Յովսէփեան իր ծննդավայրի հայկական զանազան վարժարաններուն մէջ երկար տարիներ կրթական ծառայութիւններ մատուցելէ ետք, 1980-ական թուականներու սկիզբը հաստատուած էր Մարսիլիա, ուր շարունակած էր նոյն առաքելութիւնը, անոր զուգահեռ հայկական այլեւայլ համայնքային հաստատութիւններու,– ինչպէս՝ հայկական վաւերագրերու պահպանութեան ԱՐԱՄ ընկերակցութեան,– բայց նաեւ Լա Սիոթայի եկեղեցւոյ, իր անսակարկ ներդրումը բերելով։ 

Անի Յովսէփեան, որ հայ գիրի ու գրականութեան սիրահար մըն էր, պարբերաբար աշխատակցած է նաեւ «Յառաջ» օրաթերթին, Մարսիլիոյ շրջանէն զանազան թղթակցութիւններով։ 

Բոլորէն սիրուած ողբացեալը պայճառ յիշատակ մը կը թողու իր ետին։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ մտերիմներուն, խոնարհելով անոր յաւերժ յիշատակին առջեւ։