Մարսիլիա հիւրընկալած է լիբանանցի քաղաքապետեր, ի շարս որոնց Պուրճ Համմուտի հայ քաղաքապետը 

Ռընօ Միւզըլիէ.- “Եկէք միասնաբար կառուցենք ապագայի Միջերկրականը”

Ֆրանսայի Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր շրջանի (Հարաւային շրջան) խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսական զարգացման գործակալութեան (AFD) աջակցութեամբ իրագործուող՝ Լիբանանի քաղաքապետարաններու համար վերապատրաստման կեդրոնի (CEFOM) ստեղծման ծրագրի շրջանակին մէջ,  Շրջանային խորհուրդը Յունիս 1-էն 4 Մարսիլիա հիւրընկալած է լիբանանեան պատուիրակութիւն մը, որ կազմուած էր քաղաքապետերէ եւ լիբանանեան պետութեան ներկայացուցիչներէ։

Այս եռօրեայ այցի ընթացքին Պէյրութի, Թրիփոլիի, Ճեզինի, Պուրճ Համմուտի, Զահլէի, Զուք Միքայէլի, Մազրաաթ Էլ Շուֆի, Մենճեզի եւ Նահր Իպրահիմի ներկայացուցիչները առիթը ունեցած են ուսումնասիրելու վերապատրաստման աշխատանքներու կազմակերպումը, որոնք պիտի ընթանային Ֆրանսայի Հարաւային շրջանին մէջ։

CEFOM ծրագիրը, որ սկիզբ առած է 2021 Փետրուարին, կը տարածուի երեք տարուան վրայ։ Նպատակն է նախապատրաստման կեդրոնի մը ստեղծումը Լիբանանի քաղաքապետարաններուն համար: Անով կարելի պիտի ըլլայ տրամադրել ամբողջական վերապատրաստութիւն Լիբանանի բոլոր ընտրեալներուն եւ համայնքային պաշտօնէութեան: Ծրագրին ղեկավարն է Հարաւային շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ։ 

“Մեզ միաւորող հարցերու շուրջ միասնաբար աշխատիլը, Միջերկրականի իւրաքանչիւր ափի բնակիչներուն շօշափելի եւ անմիջականօրէն օգտակար ծրագրեր առաջարկելը եւրօ-միջերկրականեան համագործակցութեան մեր ռազմավարութեան հիմնական կէտն է: Այս պատուիրակութեան հիւրընկալմամբ,– Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի ներկայութեամբ,– մենք գործուն կերպով կը մասնակցինք հանրային ծառայութիւններու բարելաւման եւ Լիբանանի մէջ ապակեդրոնացման գործընթացի ամրապնդման: Մենք միասնաբար պիտի կառուցենք ապագայի Միջերկրականը”,–յայտարարած է Ռընօ Միւզըլիէ:

Նշենք որ՝ բացի այս նախաձեռնութենէն, Ֆրանսայի Հարաւային շրջանը տեղւոյն վրայ՝ Լիբանանի մէջ եւս շարք մը ծրագրերու իրականացման կը համագործակցի։ Այդ ծրագրերէն մէկն ալ կը վերաբերի Պուրճ Համմուտի, ուր Շրջանը կը մասնակցի քաղաքաշինութեան վերականգնման աշխատանքներուն:

Նշենք որ՝ լիբանանեան պատուիրակութեան մէջ Պուրճ Համմուտը կը ներկայացնէր հայ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան։