«Միսաք Մանուշեան շարժում» ընկերակցութեան Նոյեմբեր 29 թուակիր հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Նոյեմբեր 27-էն 28-ի գիշերը պղծած են Մարսիլիոյ 9-րդ թաղամասին մէջ գտնուող Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնի ճակատին պարզուած Միսաք Մանուշեանի որմնանկարը։
Ընկերակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ վանդալական այս արարքը, զայն համարելով՝ նացիական գաղափարախօսութիւնը վերարծարծելու կամքով տոգորուածներու կողմէ գործուած ցեղապաշտական արարք մը ընդդէմ Ֆրանսայի Դիմադրական ոգին խորհրդանշող հերոսի նկարին, որ հանրապետական արժէքներու ներկայացուցիչն է։
Արարքին լայնօրէն արձագանգած է նաեւ տեղական մամուլը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։