Search
Close this search box.

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – « Henri Verneuil, raconteur d’histoires » գիրքի ներկայացումը

Ֆիլիփ Սիշլէր, Ժաքի Ներսէսեան եւ Փաթրիք Մալաքեան

Դեկտեմբեր 13-ին, Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ միջազգային շարժանկարի մեծանուն վարպետ ֆրանսահայ Հանրի Վերնէօյին (Աշոտ Մալաքեան) նուիրուած « Henri Verneuil, raconteur d’histoires » գիրքի ներկայացումը։ Հատորին հեղինակներն են Ֆիլիփ Սիշլէր եւ Լօռան Պենիայէր։

Սոյն արժէքաւոր աշխատութիւնը, որ կը ներկայացնէ Վերնէօյի բացառիկ կեանքն ու ստեղծագործական ուղին, յարգանքի տուրք մըն է անոր արուեստին եւ ձգած ժառանգութեան: Հանճարեղ բեմադիրը կրցած է յաղթահարել մշակութային սահմանները եւ ստեղծել համամարդկային արժէքներով լի անմոռանալի պատումներ:

Այս առիթով հիւպատոսարանին մէջ համախմբուած էին շարժանկարի եւ մշակոյթի սիրահարներ. ներկայ էր նաեւ մեծարուող վարպետի որդին՝ Փաթրիք Մալաքեան։ «Մայրիկ» ժապաւէնի նշանաւոր «Աբգար»-ը՝ Ժաքի Ներսէսեան իր ելոյթին նշեց, թէ Վերնէօյի հետ աշխատիլը իր կեանքի երազանքի իրականացումն էր։ Ան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց ֆիլմի նկարահանման տեսարաններէն։

Ձեռնարկին յատկապէս Փարիզէն հրաւիրուած էր գիրքի համահեղինակներէն Ֆիլիփ Սիշլէր: Ան իր ելոյթին պատմեց Հանրի Վերնէօյի կեանքին ու գործունէութեան մասին իր գրչակցին հետ կատարած խոր ուսումնասիրութիւնները՝ ընդգծելով մեծ վարպետին ստեղծագործական ժառանգութեան բացառիկ նշանակութիւնը յաչս համաշխարհային շարժանկարի: