«Հայաստանի գոյներ» ջրաներկի միջազգային երկրորդ փառատօնի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 28-ին Գիւմրիի համայնքային ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած է Մարտիրոս Սարեանի ջրաներկ գործերու բացառիկ ցուցահանդէսին։ Աւելի քան մէկ ամիս կը ցուցադրուին Սարեանի տուն-թանգարանէն եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն Գիւմրի փոխադրուած շուրջ երեք տասնեակ ջրաներկ աշխատանքներ։
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ եղած են Մարտիրոս Սարեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Մինաս Աւետիսեանի ժառանգները։
“Սա աննախադէպ մշակութային իրադարձութիւն է։ Շնորհակալ ենք բոլոր կազմակերպիչներին։ Վստահ ենք, որ այս յարկի տակ հազարաւոր գիւմրեցիներ եւ Գիւմրի այցելած զբօսաշրջիկներ առիթ են ունենալու վայելելու Մարտիրոս Սարեանի ջրաներկ ստեղծագործութիւնները”,– ողջունելով ներկաները՝ նշած է Գիւմրիի համայնքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժնի ղեկավար Լիլիթ Թովմասեան։
“Մարտիրոս Սարեանը եղել է Գիւմրիի պատուոյ քաղաքացի եւ ինձ համար մեծ պատիւ է այսօր ներկայ լինել այս ցուցահանդէսի բացման։ Ուրախ եմ, որ գիւմրեցիները առիթ կ՚ունենան տեսնելու Սարեանի ջրաներկ գործերը, նկարազարդումները”,– ըսած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Բելլա Իսահակեան։
Վերջին անգամ Սարեանի գործերը Գիւմրիի մէջ ցուցադրուած էին խորհրդային տարիներուն։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Սարեանի տարբեր տարիներու գործերը։
Սեպտեմբեր 28-29 «Հայաստանի գոյներ» ջրաներկի միջազգային փառատօնը Գիւմրիի մէջ համախմբած է ջրաներկի աշխարհահռչակ 14 վարպետներ, 13 երկիրներէ։ Փառատօնը կազմակերպուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, Գիւմրիի համայնքապետարանին եւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան աջակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։