Օգոստոս 17-ին կը նշուի Արցախի հանրապետութեան Մարտունի քաղաքի վերածնունդի օրը:
Հայրենիքի նուիրեալ զաւակներու շնորհիւ՝ 1992 Օգոստոս 17-ին կանխուած է քանի մը ուղղութիւններով հակառակորդի յարձակումը Մարտունիի վրայ:
«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին՝ Մարտունիի քաղաքապետ Ազնաւուր Սաղեան նշած է, որ այս տարի, ստեղծուած կացութեան պատճառով, տօնական ձեռնարկներ չեն կազմակերպուած։
«Այսօր ծաղիկներ խոնարհեցինք Մոնթէ Մելքոնեանի, Գարեգին Նժդեհի, Վլադիկ Խաչատրեանի, Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան գոյապայքարի զոհերի յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներին։ Օրուայ խորհրդին համահունչ՝ տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախեան երեք պատերազմներում նահատակուած հերոսների յիշատակին կանգնեցուած խաչքարի բացման արարողութիւնը»,– տեղեկացուցած է քաղաքապետը ընդգծելով որ՝ Մոնթէի բերդը իր հերոս զաւակներու շնորհիւ կը շարունակէ կանգուն մնալ ու բարգաւաճիլ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։