Նախագահ Մաքրոն Ազերպայճանին կոչ ուղղած է յարգելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը

 

Էլիզէի պալատը կը յայտնէ թէ՝ նախագահ Մաքրոն ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան զարգացումներուն: Ըստ Էլիզէի՝ Մաքրոն արդէն հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ՝ ազերպայճանական կողմին կոչ ուղղելով լիարժէք թափ հաղորդելու Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն:

«Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին օրերուն՝ յատկապէս Լաչինի միջանցքի զարգացումներուն նկատմամբ: Կոչ ուղղեց գործադրելու ամէն ջանք՝ խուսափելու վէճերէ եւ լիարժէք ծաւալ հաղորդելու Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն: Նախագահը ընդգծեց 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը:

Ֆրանսա կը շարունակէ սերտ յարաբերութեան մէջ մնալ կողմերուն ու իր գործընկերներուն հետ՝ շարունակելու համար իր աջակցութիւնը ու նպաստելու ջանքերուն՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկխօսութեան՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան»,– ըսուած է Էլիզէի յայտարարութեան մէջ: