Հոկտեմբեր 16-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն խաղաղութեան համաձայնագիրը երբեք չէ առնչած Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի հետ՝ շեշտելով, որ ԱՄՆ ամիսներ առաջ արդէն կողմերը (Հայաստանն ու Ազերպայճանը) կը մղէր ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Ան յոյս յայտնած է, որ համաձայնագիրը ի վերջոյ կը ստորագրուի։
«Բայց այդ կախեալ է կողմերէն, ոչ թէ Միացեալ Նահանգներէն»,– եզրափակած է ամերիկացի դիւանագէտը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։