Search
Close this search box.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ արտասանած է բացման աղօթքը

Միացեալ Նահանգներ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը որպէս հիւր քահանայապետ այցելած է ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատ, ուր արտասանած է բացման աղօթքը, անգլերէն։

“Ողորմա՛ծ Աստուած, օգնէ մեզի յիշելու մեր աղօթքներուն մէջ աւելի քան 100.000 հայ գաղթականները, որոնք ստիպուած լքեցին իրենց դարաւոր հայրենիքը եւ բախեցան հսկայական դժուարութիւններու եւ անորոշութեան։ Ամենազօր Տէր, պաշտպանէ՛ մեզ չարէն”,  ի միջի այլոց ըսած է ան իր աղօթքին մէջ։