Search
Close this search box.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարտահրաւէրները

 

Յուլիս 1-էն 3, Հայութեան եւ յա՛տկապէս Սփիւռքահայութեան համար, ուրախալի օրեր էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին կազմակերպած եռօրեայ եկեղեցական տօնական հանդիսութիւններուն պատճառով, որոնք նկատի ունենալով Արամ Ա. վեհափառին կերպարը՝ ստացան համազգային հանգամանք։ Յուլիս 1-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Միւռոնօրհնէքի դարաւոր աւանդական ծիսակատարութիւնն էր։ Յուլիս 2-ին՝ Արամ Ա. վեհափառին գահակալութեան 25-ամեակի փառաւոր նշումը, եւ Յուլիս 3-ին՝ Դպրեվանքի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխումը։

Միւռոնօրհնէքի խորհուրդը մեծ է Հայ առաքելական կեանքին մէջ. որքան որ քրիստոնէական է ան, նոյնքան ալ ազգային դրոշմ ունի։ Միւռոնօրհնէքը կը կատարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին օրհնութեամբ. 2022-ին պատրաստուած միւռոնը Լուսաւորչի օրհնած առաջին միւռոնէն մասունք մը կը կրէ իր մէջ։ Նախկին միւռոնէն միշտ սրուակ մը կը միանայ նորին։ Եւ այս տարի եւս, Էջմիածնի միւռոնէն սրուակ մը ծորեցաւ Անթիլիաս պատրաստուածին մէջ։ Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան խօսքը բեմէն ընթերցուեցաւ Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեանի կողմէ։

Միւռոնօրհնէքը ստացաւ նաեւ համաքրիստոնէական նշանակութիւն, Լիբանանի հայ եւ օտար քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարներու ներկայութեամբ։ Իսկ Ասորիներու պատրիարք Աֆրամ Բ.-ին յատուկ պատիւ տրուած էր։ Ան բարձրացաւ խորան եւ աթոռակից դարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Վստահաբար օրը կու գայ երբ միասնաբար կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միւռոնօրհնէքը։

Յուլիս 2-ին, Արամ Ա. վեհափառին գահակալութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի Ս. Երրորդութիւն համալսարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երեք երգչախումբերը՝ հոգեւորական «Արմաշ», աշխարհական «Շնորհալի» եւ մանկանց «Նարեկացի», ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, միասնաբար շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ համերգ մը տուին բացառաբար Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումներով։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ շատ արդարօրէն նշեց.- «Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին հաւատքի մարդուն քով միշտ տիրականօրէն ներկայ եղաւ մտքի մարդը, մտքի մարդուն քով միշտ յայտնուեցաւ սրտի ու հոգիի մարդը, եւ այդ բոլորը գեղեցկօրէն իրար զօդող հոգեւորականն ու հայ մարդը»։ Խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յիշելէ ետք թէ «տագնապալի ժամանակներու մէջ կ՛ապրի համայն Հայութիւնը», օրինակ բերաւ Վեհափառը, որ հակառակ բոլոր տագնապներուն՝ «27 տարի ամբողջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին վրայ՝ հաւատարիմ իր ուխտին, եղաւ ծառան իր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին»։

Եւ վերջապէս խօսք առաւ Վեհափառ հայրապետը, որուն պատգամին առանցքը կազմեց ծառայութիւնը, պատասխանատւութեան զգացումը.- «Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը նուիրական կոչում է ու սրբազան պարտաւորութիւն, զոր փորձեցի իրագործել պատասխանատւութեան ոգիով, անմնացորդ նուիրումով եւ ամբողջական սիրով»։

Վերջապէս, եռօրեայ ձեռնարկները աւարտեցան Պիքֆայայի մէջ դպրեվանքի սաներու հանդիսութեամբ եւ վկայականներու բաշխումով, ուր նոյնպէս Վեհափառը եզրափակիչ խօսքով հանդէս գալով շեշտեց նոր սերունդի պատրաստութեան հրամայականը։ Ան ընդգծեց թէ՝ ե՛ւ Սփիւռքը, ե՛ւ հայ ազգը պատրաստուած, նուիրեալ, ազգասէր, կրթեալ, արդիական, յանձնառու, ստեղծագործ մարդուժի պէտք ունի։

Հանդիսութիւնները ցոյց տուին նաեւ կարգ մը բացեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, արարողակարգային առումով՝ երկրորդ կարգի դասուած էր։ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան միասնականութեան ոգին չկար։ Նոյնիսկ, բեմէն արտայայտուած խօսոյթին մէջ բացակայ էր Հայաստանի պետականութիւնը եւ անոր խորհրդանիշը։ Ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին ներկայ էին, բայց ո՛չ՝ Հայաստան պետութիւնը, պետականութեան մարտահրաւէրը։ Հայ առաքելական եկեղեցին պետութեան կամքով դարձաւ պետական կրօն։ Գիրերու գիւտը յառաջ եկաւ պետութեան եւ եկեղեցւոյ համատեղ գործակցութեամբ։ Այն գիրերը, որոնք այսօր կը տառապին բաժանումէ, ստալինեան անցեալէն, պետութան հետ երկխօսութեան պակասէն, Մայր Աթոռի՝ մշակութային ինքնութեան գիտակցութեան պակասէն։

Վեհափառին 25-ամեակի տօնախմբութեան խօսք տրուած էր ՀՅԴ ներկայացուցչին, սակայն բացակայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչին խօսքը, նո՛յնիսկ՝ Մայր Աթոռի խօսքը։ Երեւոյթ մը, որ մինչդեռ յարգուած էր Հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան նուիրուած հրատարակութեան մէջ։

Պետութիւն եւ եկեղեցի՝ միասնաբար, ունին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի պարագաներուն մասին որոշ չափով կը խօսուի, սակայն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական երկու պատրիարքութիւններու՝ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պարագային, վիճակը կը մնայ անփառունակ եւ պէտք ունի միասնական ջանքի։

Համերգին երգացանկը եւս պէտք ունէր բազմազանութեան։ Վերջապէս հանդիսութիւնը Բարսեղ Կանաչեանի նուիրուած համերգ մը չէր։ Հայ երաժշտութիւնը,– առանց մասնաւորապէս յիշելու Կոմիտասը,– ունի բազմաթիւ աւանդական եւ արդիական յօրինողներ, որոնց ներգրաւումը անկասկած աւելի ցայտուն ու մշակութային պիտի դարձնէր երեկոյթը։ Կանաչեանը ունի կարգ մը յաջող գործեր, սակայն երկու ժամ Կանաչեան լսել իսկական փորձութիւն էր, իսկ մղձաւանջ մը՝ «Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկներուն համար, որոնցմէ մի քանին չկրցան թաքցնել։

Ներկայ ժամանակներուն, Հայութիւնը գոյութեան մեծ պայքար կը մղէ, ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Եռօրեայ հանդիսութիւններու տօնական տարազին տակ անկարելի է չնկատել մտահոգութիւնը, տագնապը։ Բնականաբար, Արամ Ա. վեհափառը առիթը չփախցուց յիշեցնելու բոլորին 1995-ի իր ուխտը՝ եկեղեցիին, ազգին, հայրենիքին ծառայելու։ Սակայն, Միջին Արեւելքը Հայութենէ կը պարպուի։ Այս դիտանկիւնէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միջնաբերդը եւս կը պարպուի իր ներուժէն։ Անկախ արդի արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան, տեղեկատուական նորարարութիւններու ստեղծած նոր մարտահրաւէրներէն, ժամանակներու փոփոխութեամբ բնականաբար դասական եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան արժէքները պէտք ունին վերիմաստաւորուելու՝ անհատական կարողութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու աւելի լայն տեղ տալով, համագործակցութեան, հաւաքական կեանքին եւ անհատական նախաձեռնութիւններու միջեւ նոր հաւասարակշռութիւն հաստատելով, միջազգային տնտեսական զարգացման եւ համաշխարհային վտանգներու կառավարման հարցերը նկատի առնելով, մարդկային իրաւունքներուն, արդարութեան աւելի կարեւորութիւն ընծայելով։

Ժ.Չ. ■