Search
Close this search box.

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ – Պղծուած է Իլինկի՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը

Լոնտոն բնակող հայազգի փաստաբան Տաթեւիկ Գրիգորեան X-ի իր հաշիւով կը տեղեկացնէ, թէ Լոնտոնի թաղամասերէն Իլինկի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթող-խաչքարը պղծուած է: Ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ։

Գրիգորեան Սեպտեմբերի վերջաւորութեան ներկայ եղած է խաչքարի բացման արարողութեան եւ այն ատեն տեսագրած է միջոցառման պահուն հոն ներկայ թրքական դրօշներով «գորշ գայլեր»-ու ներկայացուցիչները, որոնք ձեռքով ցուցադրած են ֆաշական նշանը։