Յունիս 9-էն 12, Մեծն Բրիտանիոյ Ռամսկեյթ քաղաքի 6-րդ միջազգային շարժարուեստի եւ հեռատեսիլի փառատօնին (Ramsgate International Film & TV Festival), Նայիրի Հախվերդիի «Աւլելով Երեւանը» ժապաւէնը շահած է «Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ» մրցանակը։
Լուրը կը հաղորդեն Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնէն։
53 վայրկեաննոց ժապաւէնը կը պատմէ Մարինայի մասին, որ ամէն օր կէսգիշերին Չարենցաւանէն Երեւան կու գայ աւլելու մայթերն ու փողոցները։ Արդէն երկար ժամանակ է ան առանձին կը հոգայ իր ընտանիքին կարիքները՝ կոյր ամուսնոյն, երախաներուն եւ սկեսրոջ։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ու գործատուներու փակումէն ետք, շատեր կորսնցուցին իրենց ապրուստի եկամուտը եւ դժուարութեամբ յարմարեցան նոր իրականութեան։ Մարինան կը պայքարի ա՛յն իրականութեան համար, ուր իր զաւակները աւելի լաւ կեանք մը պիտի ունենան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։