Search
Close this search box.

Մեծ թիւով Սփիւռքահայեր կ՚ուզեն Հայաստանի հպատակութիւն ստանալ

Վերջին տարիներուն բազմաթիւ Սփիւռքահայեր դիմում ներկայացնելով Հայաստանի հպատակութիւն կը ստանան, դառնալով երկքաղաքացի: Հայաստանի ոստիկանութեան անցագրային բաժինը կը հաղորդէ որ՝ ամռան այս եղանակին մեծ համեմատութեամբ բարձրացած է նման դիմումներու թիւը: Պատճառներէն մէկը այն է, որ բազմաթիւ Սփիւռքահայեր այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելեն պտոյտի կամ ազգականներուն հետ մէկտեղուելու համար, չեն ուզեր առիթը փախցնել եւ դիմում կը կատարեն հպատակութեան տիրանալու համար:

2022 թուականը էապէս կը զանազանուի նախորդ տարիներէն, որովհետեւ դիմումներու թիւը աննախադէպ բարձր է. եթէ 2021-ին դիմումներու թիւը Յունուար-Յունիս ամիսներուն 3448 էր, ապա այս տարի այս ցուցանիշը գրեթէ եռապատկուած է, հասնելով 9917-ի:

Կան նաեւ բազմաթիւ Սփիւռքահայեր, որոնք կը դիմեն երկար ժամանակ Հայաստանի մէջ բնակելու եւ աշխատելու նպատակով: Քաղաքացիութիւն ստանալու համար կարելի է դիմում ներկայացնել օտար երկիրներու մէջ Հայաստանի դեսպանատուներ. ներկայիս կը կատարուի ելեկտրոնային հերթագրում, որովհետեւ դիմումներու թիւը շատ մեծ է: Արդէն երկու-երեք ամիսներու համար հերթագրուելու կարելիութիւնը սպառած է ու այդ պատճառով դիմողները կը նախընտրեն երթալ Հայաստան ու տեղւոյն վրայ ներկայացնել իրենց դիմումը: