Search
Close this search box.

«Մետալի հակառակ կողմը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը՝ Սիւնիքի մարզի զօրամասերուն մէջ

Հոկտեմբեր 19-20, Հայաստանի շարժարուեստի հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Սիւնիքի մարզի քանի մը զօրամասերուն մէջ ցուցադրուած է Աննա Յարութիւնեանի «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնը։

Ցուցադրութենէն առաջ Հիմնադրամի աշխատակիցները համառօտ ներկայացուցած են հայ շարժարուեստի զարգացման պատմութիւնն ու անոր հիմնադիրները։ Անոնք խօսած են «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնի ստեղծման բարդ ընթացքին, դժուարութիւններուն, սիրուած մարզիկի կերպարի ներկայացման դժուարութիւններուն մասին, թէ ինչպէս Աննա Յարութիւնեան քայլ առ քայլ յաղթահարած է մարզումներու խոչընդոտները եւ յատկապէս Գիւմրիի բարբառի իւրացումը։

Ֆիլմը մեծ ոգեւորութեամբ եւ ջերմութեամբ դիմաւորած են թէ՛ զինուորները, թէ՛ սպայակազմը, քանի որ ան մեր մարզական պարծանքներէն մէկուն՝ Նազիկ Ավդալեանի կեանքի եւ մարզական յաղթարշաւի պատմութիւնն է։

Ցուցադրութիւններէն ետք, զօրամասերու ղեկավարները նշած են, թէ նման ֆիլմերու ցուցադրութիւնները պէտք է շարունակական ըլլան, քանի որ կամքի եւ յաղթական ոգիի հրաշալի օրինակ կը հանդիսանան։