Search
Close this search box.

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ – Դոկտ. Արմէն Փանոսեան՝  CNRS-ի Սթրազպուրկի՝ մոլեքիւլային քիմիայի հետազօտական կեդրոնի տնօրէն

 

Ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը տե­ղե­­կանանք, թէ դոկտ. Ար­մէն Փա­նոսեան, որ միա­ցած էր Գի­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ազ­գա­յին կեդ­րո­նին (CNRS) որ­պէս հե­տազօ­տող 2011 թուակա­նին, ազ­գա­յին մրցոյ­թին յա­ջողու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­լով նշա­նակուած է գի­տահե­տազօ­տական կեդրոնի տնօ­րէն (2-րդ կար­գի): 

Ար­մէն իր մաս­նա­գիտու­թեան մէջ (մո­լեքիւ­լա­յին ճար­տա­րապե­տու­թիւններ) 2024-ի Ֆրան­սա­յի 7 յա­ջողակ­նե­րէն մէկն է: Ան իր պաշ­տօ­նը կը ստանձնէ 2024 Հոկ­տեմբեր 1-էն:

Ար­մէն իր հե­տազօ­տու­թիւննե­րը կը կա­տարէ Սթրազ­պուրկի Մո­լեքիւ­լա­յին նո­րարա­րու­թիւննե­րու եւ կի­րար­կութիւննե­րու գի­տաշ­խա­նոցին (LIMA – UMR7042) մէջ:

Մեր շնորհաւորութիւնները Արմէնին եւ ծնողքին։