Սուրբ ծնունդի եւ Ամանորի տօնական օրերը յոյսի, միասնութեան ու նորը սկսելու ժամանակ են: Այս առիթով մենք կարելիութիւնը ունինք մեր ջերմութիւնը հաղորդելու Պաքու գտնուող մեր 23 հայ պատանդներուն, որոնք մեծապէս ունին այդ կարիքը: Կրնանք նամակներու եւ բացիկներու միջոցով հաւաստել անոնց, որ մոռցուած չեն եւ թէ աշխարհասփիւռ հայ համայնքը մտահոգ է իրենցմով:
Ի՞նչ գրել մէկու մը, որու երբեք չես հանդիպած:
Մեր պատանդները մեկուսացուած են արտաքին աշխարհէն եւ որեւէ յուսադրող ուղերձ կ՚օգնէ անոնց զգալու, որ իրենք մոռցուած չեն: Կարճ պատմութիւն մը պատմէ, անոնց հետ բաժնէ լաւ նորութիւն մը կամ հաճելի յիշատակ մը, գրէ՛ առօրեայ կեանքի եւ դրական փորձառութիւններու մասին, պատմէ՛ քու այցելած մշակութային իրադարձութիւններու, թանգարաններու, քու կարդացած գիրքերու ու դիտած ֆիլմերու մասին: Կրնաս պատմել ձեր ընտանեկան ամանորեայ աւանդութեան մասին կամ պարզապէս գրել անոնց խրախուսական խօսքեր, օրինակ՝ «Ես ձեզի համար մոմ վառեցի» կամ «Ձեր ուժը կ՚ոգեշնչէ մեզ»: Նման նիւթերը կը ջերմացնեն անոնց հոգիները եւ միտքով կը միաւորեն մեզի՝ առանց նուրբ լարերու դպչելու։
Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ հաղորդագրութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, գրաքննութեան պիտի ենթարկուին։ Որպէսզի աւելի ամրապնդուի ձեր նամակներուն՝ պատանդներուն հասնելու հաւանականութիւնը, կը յանձնարարենք զերծ մնալ անոնց իրավիճակի իրաւական մանրամասնութիւնները քննարկելէ կամ այլ անձերու անուններ յիշատակելէ՝ առանց անոնց համաձայնութեան: Անհրաժեշտ է խուսափիլ նաեւ քաղաքական ուղերձներէ, կարգախօսերէ կամ պաշտօնեաներու հասցէին ուղղուած քննադատութիւններէ:
Ինչպէ՞ս ուղարկել նամակը:
1. Ելենտրոնային տարբերակ – Նամակը ղրկել Ազերպայճանի մարդկային իրաւանց պաշտպանի՝ ombudsman@ombudsman.az ելեկտրոնային հասցէին: Անհրաժեշտ է նշել պատանդին անունը, որուն հասցէագրուած է ել-նամակը։
2. Նամակատան տարբերակ – Նամակը պէտք է ըլլայ միայն մէկ էջ: Սա պարտադիր է, հակառակ պարագային նամակները չեն ընդունուիր: Նամակը պէտք է ըլլայ անգլերէնով՝ ձեռագիր կամ մեքենագրուած:
Նշել՝ ստացողին ամբողջական անունը:
Հասցէ՝ AZ1009, Baku, Parliament Avenue 14, to the Head of the Investigative Detention Facility of the State Security Service of the Republic of Azerbaijan.
Տարածէ՛ այս գաղափարը ընկերային ցանցերու մէջ։
Քու նամակը կամ բացիկը գրելէ ետք լուսանկարէ զայն եւ տեղադրէ՛ ընկերային ցանցերու մէջ հետեւեալ հաշթակերով՝ #FreeArmenianHostages #ChristmasWithHostages։
Խրախուսէ՛ ընկերներդ հետեւելու քու օրինակին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։