Դեկտեմբեր 18-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Ընկերային արդարութեան խթանումը. աշխատանքի ապագան ներկայ ժամանակաշրջանին» խորագրով միջազգային համաժողովին, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ։
Ժողովին ներկայ եղած են նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ժիլպէր Ֆ. Հունկպօ, օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ, կառավարութեան անդամներ, տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, փորձագէտներ, գիտութեան ոլորտի եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթին վարչապետը մասնաւորապէս նշած է, թէ Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնն է «աշխատանքով յաղթահարել աղքատութիւնը» եւ թէ ինք այդ ուղղութեամբ այլ եղանակ չի տեսներ։
“Մենք հիմա, ի հարկէ, երկար տարիներ արդէն քննարկում ենք ընկերային ապահովութեան համակարգի բարեփոխումները, եւ ես յոյս ունեմ, որ այդ բարեփոխումները կը կարողանանք կեանքի կոչել, որովհետեւ այստեղ մարտահրաւէրները իսկապէս լուրջ են: Մենք այդ փոփոխութիւնները իրականացնելու վճռականութիւն ունենք, պարզապէս խնդիրները, որոնք դրուած են մեր առջեւ, դրանք իսկապէս հեշտ չէ լուծել, բայց պարտաւոր ենք գնալ այդ ճանապարհով: Ինչպէս մնացած դէպքերում, այս դէպքում էլ ժամանակների եւ աշխատանքի բովանդակութեան փոխակերպութեան առումով չափազանց մեծ եւ էական նշանակութիւն ունեն կրթութիւնը եւ կրթութեան ոլորտում իրականացուող բարեփոխումները, որովհետեւ միայն կրթութիւնն է, որ մարդուն հնարաւորութիւն կը տայ գտնել այն աշխատանքը, որն ինքը սիրում է, գտնել այն աշխատանքի եղանակները, որոնք իրեն կը բերեն աւելի մեծ եկամուտներ եւ աւելի շատ կը բացայայտեն իւրաքանչիւրի անհատական կարողականութիւնը”,– ընդգծած է Փաշինեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։