2022 Սեպտեմբեր 28-էն 30 Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքոյի մէջ ընթացած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութիւն եւ կայուն զարգացում» խորագրով համաշխարհային համաժողովը (MONDIACULT 2022), որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախարարը Սեպտեմբեր 29-ին զեկոյցով հանդէս եկած է «Ժառանգութիւնը և մշակութային բազմազանութիւնը ճգնաժամի ժամանակ» բնաբանով նիստին:
“Այս նիւթը չափազանց կարեւոր է եւ յաճախ կը պահանջէ միջազգային ներգրաւում: Հայաստանի համար հրատապ է ներկայիս Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը։
2020 Նոյեմբեր 9-էն յետոյ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած են հայկական աւելի քան 2.000 պատմամշակութային յուշարձաններ, ինչպէս նաև 12 պետական թանգարաններ ու պատկերասրահներ՝ 21.000 նմուշներով։ Այս պատմական վայրերու պահպանման առնչուող լուրջ մտահոգութիւններ կան՝ նկատի առնելով վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին իր տարածքներէն ներս հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման՝ Ազերպայճանի յայտնի եւ փաստագրուած գործելաոճը, օրինակ՝ Նախիջեւանի պարագային։ Ազերպայճան կը վարէ Արցախի և մերձակայ տարածքներու հայկական ներկայութեան պատմական ապացոյցները բնաջնջելու քաղաքականութիւն՝ հայկական յուշարձաններու եւ մշակութային վայրերու միտումնաւոր ոչնչացման միջոցով։
Արցախի մէջ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Հայաստան շարունակաբար իրազեկ կը պահէ միջազգային հանրութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ սահմանին տիրող իրավիճակի մասին։
2022 Սեպտեմբեր 13-ին Ազերպայճան լայնածաւալ ռազմական յարձակման ձեռնարկեց հայ-ազերպայճանական սահմանի քանի մը ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գորիս, Ջերմուկ, Վարդենիս, Կապան, Սոթք քաղաքներու եւ յարակից գիւղերու ուղղութեամբ։
Ազերպայճանական յարձակումը յանգեցուց հարիւրաւոր մարդկային կորուստներու, ներառեալ՝ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան շրջանակէն։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը Ազերպայճանի ռազմական յանցագործութիւններու պատճառով այժմ վտանգի տակ կը գտնուի, թիրախային շրջաններու հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը եւս՝ ներառեալ աւելի քան 500 յուշարձան, 14 թանգարան՝ 45.000 նմուշներով։
Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին կողմէ հաւաքագրուած տուեալներու համաձայն՝ Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերէն արդէն տեղահանուած է նուազագոյնը 7.600 հոգի։ Անոնք այժմ զրկուած են իրենց հիմնական իրաւունքներէն, ինչպէս՝ մշակոյթի հասանելիութեան իրաւունքէն, որ կը հակասէ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագրին (յօդուած 27), ուր նշուած է, թէ իւրաքանչիւր ոք հասարակութեան մշակութային կեանքին մասնակցելու, արուեստի եւ գիտական յառաջընթացին մասնակցելու եւ անոր բարիքներէն օգտուելու իրաւունք ունի:
Այսպէս, պէտք է հրատապ անդրադառնալ այս խնդրին եւ իրականացնել դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի թեքնիք առաքելութիւն:
Ժառանգութիւնը և մշակութային բազմազանութիւնը պէտք է ըլլան խաղաղ գործընթացի կարեւոր մէկ մասը: Առ այդ, կոչ կը յղեմ մեր միջազգային գործընկերներուն իրենց ձայնն ու ներդրումը ունենալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հազարամեայ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ:
Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ ժառանգութիւնը ճանչցուած է իբրեւ կայուն զարգացման, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կարեւոր գործօն։ Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ մշակութային եւ ազգային ինքնութիւններու նկատմամբ յարգանքն ու հանդուրժողութիւնը կ՚ապահովեն ազգերու համար խաղաղ եւ կայուն ապագայ՝ ստեղծելու եւ հարստացնելու համաշխարհային ժառանգութիւնը”,– յայտարարած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարը՝ դիմելով անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Սոյն համաժողովի շրջանակին մէջ կազմակերպուած է տարբեր ժողովուրդներու տարազներու և մշակութային տարրերու ցուցահանդէս, որուն Հայաստան մասնակցած է հայկական ժանեակի ցուցադրութեամբ:
Այս նրբահիւս աշխատանքի ոգեշնչման նախատիպը 1930-ական թուականներուն ստեղծուած հայկական ժանեակի մը նմուշն է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։