Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի համակարգին մէջ ստեղծուած «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք, թէ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած գիրքի միջազգային փառատօնի հարթակը Ազերպայճանի կողմէ օգտագործուած է քաղաքական եւ հակահայկական քարոզչութեան նպատակին։
«Մարտ 12-14, Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ կայացած է գիրքի միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցած են բազմաթիւ երկիրներ՝ ներկայացնելով իրենց հրատարակութիւնները։ Փառատօնին մասնակցած է նաեւ Ազերպայճան, ներկայացնելով շուրջ 300 գիրք։
Ազերական տաղաւարին մէջ փակցուած է մեծ քարտէս մը՝ “Ղարաբաղը Ազերպայճան է” գրութեամբ։ Այդ քարտէսի կողքին պատկերուած են այլ քարտէսներ, ուր արտացոլուած են Ազերպայճանի տարածքային նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։
Ցուցադրուած որոշ գիրքեր հակահայկական քարոզչութեան եւ ատելութեան խօսքի տարածման օրինակներ են։ Հոն մասնաւորապէս ներկայացուած է “Հայկական ահաբեկչութիւն” վերնագիրով գիրք մը»,– կ՚ընդգծէ «Գեղարդ»-ի հաղորդագրութիւնը։։
Լոնտոնի գիրքի փառատօնի պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է, թէ «ցուցահանդէսը այն վայրն է, ուր միջազգային հրատարակչութիւնները կը միաւորուին՝ յարաբերութիւններ զարգացնելու եւ ստեղծագործութիւններու բովանդակութեան ապագան որոշելու համար»:
«Տարակուսելի եւ դատապարտելի է, որ մշակութային ձեռնարկին կազմակերպիչները կը հանդուրժեն ակնյայտօրէն ցեղապաշտութիւն, ցեղային ատելութիւն դրսեւորող բովանդակութեան ցուցադրութիւն»,– կ՚եզրափակէ «Գեղարդ»-ի հաղորդագրութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։