Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. Հայկական ճաշի փառատօն՝ Մենչըսթըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 150-ամեակին առթիւ

Շաբաթ, Յունիս 25-ի կէսօրին, Մենչըսթըրի Տիտզպըրի գողտրիկ աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Մենչըսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հայկական ճաշի փառատօնը։

Եկեղեցւոյ խնամակալութեան պատասխանատուները եւ եկեղեցւոյ կից գործող հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտաց ծնողները յղացեր էին այս գեղեցիկ գաղափարը։ Տեղի պատճառով եւ յարաբերաբար աւելի բանուկ վայրի մը ընտրութեան մտահոգութեամբ՝ ձեռնարկը կազմակերպուած էր,– հոգ չէ թէ եկեղեցիէն  քիչ մը հեռու,– Տիտզպըրիի հանրային գրադարանի գեղեցիկ շէնքի մուտքի բակին մէջ։

Կէսօրէն մինչեւ ժամը 15 տեւած փառատօնը, ուր ի պատուի էին հայկական ամէն տեսակ համադամներ (առանց մոռնալու անշրջանցելի խորովածն ու լաւաշը), ուր ամէն կողմ ներկայ էր հայկական Եռագոյնը (մինչեւ իսկ աջ ու ձախ վազվռտող բոլոր երախաներու թոնթոշիկ այտերուն վրայ), ինչպէս նաեւ հայկական երգն ու պարը, հիւրընկալեց հարիւրաւոր այցելուներ՝ Հայեր եւ մա՛նաւանդ ոչ-Հայեր, անցորդներ։ 

Եւ ինչպէս տեղւոյն վրայ պարզուած պաստառին վրայ ալ նշուած էր՝ «Չկայ լաւագոյն միջոց, քան համտեսել ճաշերը՝ հասկնալու համար մշակոյթ մը»։  

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին ամէն ինչով կատարեալ այս նախաձեռնութեան մէջ։

Թ.Շ.