Հոկտեմբեր 16-ին, Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպած է հանդիսութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձին։
Դեսպան Ներսէսեան իր ելոյթին անդրադարձած է հայ ժողովուրդի ոգիի տոկունութեան՝ նշելով Հայաստանի վերջին երեք տասնամեակներու նուաճումները։ Ան ընդգծած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ՄԹ–Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ճեսիքա Մորտըն եւ Արտաքին գործոց՝ Արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ, Գոմընուելթի եւ զարգացման բաժնի տնօրէն Քրիս Էլըն։
Հանդիսութեան մասնակցած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ եւ հայ համայնքի անդամներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։