Յուլիս 12-ին, Լոնտոնի Արքայական օփերայի բեմը կրկին զարդարուած է գերմանաբնակ տաղանդաւոր սոփրանօ Հրաչուհի Բասենցի անկրկնելի ելոյթով՝ այս անգամ Տեզտեմոնայի դերակատարութեամբ, Վերտիի «Օթելլօ»-ին՝ Քեյթ Վարնըրի կողմէ բեմականացման ընթացիկ տարեշրջանի անդրանիկ ներկայացումին։
Orer.eu կայքին համաձայն՝ հանդիսատեսը իր բուռն ծափողջոյններով գնահատած է թէ՛ դերասաններուն խաղը, թէ՛ բեմականացումը եւ թէ՛ խմբավար Տանիէլէ Ռուսթիոնիի ղեկավարած Արքայական նուագախումբին կատարումը։
Հրաչուհի Բասենց ո՛չ միայն իր նուրբ ու ջերմ ձայնով ներկաները փոխադրած է շեյքսփիրեան դարաշրջան, այլեւ իր դերասանական կատարողութեամբ կերտած է Տեզտեմոնայի հզօր ու ազդեցիկ կերպարը, որ ո՛չ միայն ուժեղ ու համարձակ, այլեւ նուիրեալ կին մըն էր։
Ներկայացման ընթացքին տաղանդաւոր Հայուհին մեկնաբանած է վիպերգական սիրոյ պատմութիւնը եւ այդ սիրոյ ողբերգական աւարտը, իսկ «Աւէ Մարիա»-էն յետոյ դահլիճը չսպասելով արարին աւարտը՝ իր ծափերով ողողած է բեմը։
Լոնտոնի օփերայի դերասաններու ընտրութեան տնօրէնին համաձայն՝ Հրաչուհի Բասենց իրապէս կը համապատասխանէր Տեզտեմոնայի դերին՝ իր ձայնով, արտաքինով եւ դերասանական վարպետութեամբ։
Լոնտոնեան մամուլը արդէն իսկ շռայլ գնահատականներ տուած է Բասենցի հիասքանչ կատարողութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։