Յուլիս 18-ին, Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ համաժողովի ծիրին մէջ Օքսֆորտշայրի Պլենհայմ պալատին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն յայտարարած է, թէ «բնական է որ դաշնակիցները զիրար զինեն իրենց ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար»,– նկատի ունենալով Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքը:
“Եթէ նայիք վերջին տասնամեակին, ապա Ազերպայճան շատ աւելի զինուած է, քան Հայաստան։ Եւ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, Ազերպայճանն էր, որ 2020-ին սարսափելի պատերազմ սկսաւ: Բնական է արձագանգել ինքնիշխան երկրի դիմումին, որ կ՚ուզէ սպառազինուիլ եւ նախազգացում ունի որ ուրիշ երկիր մը կրնայ յարձակիլ իր վրայ”,– նշած է Ֆրանսայի նախագահը՝ ընդգծելով, թէ Հայաստանի վարչապետին մէջ երբեք չէ նկատած պատերազմի կամ յարձակման վերաբերեալ որեւէ մտադրութիւն։
Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ նոյն համաժողովի շրջանակին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպումին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, թէ Պաքու կ՚աջակցի խաղաղութեան օրակարգին, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման եւ ընդհանուր առմամբ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին։
«Սակայն ատոր համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոխուին Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ պահանջներ պարունակող դրոյթները, որոնք կ՚ենթադրեն Ազերպայճանի Ղարաբաղի շրջանի (բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութիւն-Խմբ.) միացումը Հայաստանին»,– շեշտած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։