ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Բժիշկ Էրիք Իսրայէլեան Ամերիկեան շարժապատկերի ակադեմիայի թանգարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է

Ամերիկայի շարժապատկերի ակադեմիայի թանգարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է բժիշկ, բարերար Էրիք Իսրայէլեան, որ երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը համագործակցի թանգարանին հետ եւ սատար կը հանդիսանայ անոր կրթական նախաձեռնութիւններուն։

Իսրայէլեան ծանօթ է բարեսիրական իր գործունէութեամբ։ Ան արտադրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ «The Promise» («Խոստումը» – 2016) ժապաւէնը, նաեւ «Intent to Destroy» («Ոչնչացնելու մտադրութիւն» – 2017) վաւերագրական շարժանկարը: ■