Search
Close this search box.

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսէ շուրջ 8,5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ ԱՄՆ-ու միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գրասենեակի ղեկավարի օգնական Էրին ՄըքՔի Երեւանի մէջ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հաղորդած է, թէ ՄԶԳ-ն կը նախատեսէ շուրջ 8,5 միլիոն տոլար յատկացնել 2023-ի աշնան Արցախէն բռնի տեղահանուածներու եւ գաղթականներու բնակարանային, հոգեբանական եւ ընկերային կարիքներու աջակցութեան համար։

“Այս գանձատրման շնորհիւ ԱՄՆ-ու ՄԶԳ-ն կը համագործակցի ազգային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ”,– աւելցուցած է ան։

8,6 միլիոն տոլար ալ՝ Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար

Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Էրին Էլիզապէթ ՄըքՔի նաեւ յայտարարած է, որ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 8,6 միլիոն տոլար ալ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ ուժանիւթային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար։

“8,6 միլիոն տոլար արժողութեամբ մեր նոր ծրագիրը պիտի բարելաւէ Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի հասանելիութեան եւ համարկման կարելիութիւնները: Բացի ատկէ, չնախատեսուած հանգամանքներու պարագային՝ ծրագիրը թոյլ պիտի տայ Հայաստանին դիմադրել մատակարարման խափանումներու՝ միաժամանակ բարձրացնելով ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը: 

Այս գանձատրումը նաեւ պիտի ամրապնդէ համացանցային յարձակումներու (սիպերյարձակումներ) պարագային՝ Հայաստանի ուժանիւթային ենթակառոյցներու ճակատագրական խոցելիութիւնները աւելի լաւ յաղթահարելու ունակութիւնը”,– ըսած է ՄըքՔին։