Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Դեկտեմբեր 4-ին, Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ ընդունած է զինուորական համազգեստի ձեւաւորման ու մշակման բնագաւառին մէջ մասնագիտացած ամերիկեան «Միլլիքըն» ընկերութեան փոխնախագահ Պրուս Լաֆլամը եւ զինուորական ու միջազգային ծրագրերու ղեկավարներ Սքոթ Կրուփն ու Թոմի Եունկը: Լուրը հաղորդած է Պապիկեան՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։
«Հանդիպումին քննարկեցինք Հայաստանի զինուած ուժերու նոր համազգեստի մշակման ծիրին մէջ գործակցութեան առնչուող հարցեր»,– նշած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։