Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Տանըլտ Թրամփ կը վերադառնայ Սպիտակ Տուն

Նոյեմբեր 5-ին տեղի ունեցած ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութենէն յաղթական դուրս եկաւ հանրապետական թեկնածու Թրամփ, ընդդէմ՝ դեմոկրատական Քամալա Հարիսի, որ մինչեւ վերջերս լայնօրէն նպաստաւոր դիրքի վրայ ցոյց կը տրուէր զանազան հարցախոյզերու կողմէ։

Այսպէսով, ԱՄՆ-ու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը դառնայ նաեւ 47-րդը եւ չորս տարի յետոյ կը վերադառնայ Սպիտակ տուն:

Նախագահական երկրորդ շրջանը Թրամփ կը սկսի 78 տարեկանին։ Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ նոյն տարիքային խնդիրներու պատճառով՝ պաշտօնավարող նախագահ Ճօ Պայտըն որոշեց լքել ընտրապայքարը՝ իր տեղը զիջելով փոխնախագահ Քամալա Հարիսին։ Ի դէպ, Ամերիկայի պատմութեան մէջ միայն նախագահ Կրովըր Գլիվլենտ յաջողած էր պաշտօնավարման մէկ շրջանին յաջորդած քառամեայ դադարէ ետք վերադառնալ Սպիտակ տուն։

Պաշտօնանկութեան պահանջ (իմփիչմենթ), քրէական մեղադրանքներ…

Մինչ այդ, Թրամփ արդէն դարձած է Ամերիկայի առաջին նախագահը, որուն դէմ երկու անգամ պաշտօնանկութեան պահանջ ներկայացուած է, նաեւ առաջինն է նախագահներէն, որ դատապարտուած է ծանր յանցագործութեանց համար։ Դեռ պաշտօնավարման երկրորդ շրջանին ալ պիտի դատուի քրէական երկու մեղադրանքի համար՝ Պայտընին իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը խափանելու եւ Ճորճիա նահանգի 2020-ի ընտրութիւններուն միջամտելու ենթադրեալ փորձերու մեղադրանքով:

Այս մասին ԱՄՆ-ու մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» կը գրէ.

« Հետաքրքրական է տեսնել, թէ շարք մը յանցագործութիւններով դատապարտուած Թրամփ որքանով պիտի կարենայ իրականացնել “մինչեւ 30 միլիոն” ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու, իր ընդդիմադիրները պատժելու, Ուքրաինայի եւ Միջին Արեւելքի տագնապները արագօրէն լուծելու, սղաճը զսպելու (բան մը, որ արդէն իսկ տեղի կ՛ունենայ, առանց իր միջամտութեան) կապակցութեամբ  իր ընտրական խոստումները։

Պահպանողական Գերագոյն ատեանին կողմէ նախագահին շնորհուած նոր իրաւասութիւններով ամրապնդուած՝ Թրամփ նաեւ կարելիութիւնը պիտի ունենայ կասեցնելու իր դէմ շարունակուող շարք մը դատական հետապնդումները, երկիրը վերադարձնելով 18-րդ դար, երբ թագաւորը օրէնքէն վեր կը դասուէր։

Ամերիկացիները դարձեալ փաստեցին, թէ պատրաստ չեն երկրին ղեկը յանձնելու իգական սեռի ներկայացուցիչի մը, մինչ որոշ չափանիշերով աւելի յետամնաց համարուող իրենց հարաւի դրացին՝ Մեքսիքան, Հոկտեմբերին կին նախագահ մը ընտրեց։

Գոնկրէսի ընտրութիւններուն, հանրապետականները կրցան վերատիրանալ Ծերակոյտի մեծամասնութեան՝ ապահովելով առնուազն 52 աթոռ եւ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ պահպանեն Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց մեծամասնութիւնը։

Գալիֆորնիոյ մէջ, Հայ դատի զօրակցութիւնը ապահոված Էտըմ Շիֆ  ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ»։

Փաշինեան շնորհաւորած է Թրամփի ընտրութիւնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ վերջինիս «տպաւորիչ յաղթանակ»-ին առիթով։

«Պարո՛ն նորընտիր նախագահ, ես անհամբեր կը սպասեմ Ձեզի հետ աշխատելու՝ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկկողմ յարաբերութիւններ կառուցելու համար՝ հիմնուած մեր ընդհանուր արժէքներուն, առաջնահերթութիւններուն ու հետաքրքրութիւններուն վրայ»:

Թրամփը շնորտաւորած են նաեւ Ֆրանսայի, Հունգարիոյ, Իսրայէլի, Սերպիոյ, Ոքրաինայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Իտալիոյ, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու ղեկավարները։