ԱՄՆ-ու հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի ատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ ծերակուտական Էտ Մարքիի նախաձեռնութեամբ, 60 գոնկրէսականներ նամակով մը կոչ ըրած են Ուաշինկթընին, որ ՄԱԿ-ի COP29 համաժողովի նախաշեմին, պատասխանատւութեան ենթարկէ Պաքուն՝ իր ռազմական յանցագործութիւններուն, հայ գերիները ապօրինի բանտարկելուն եւ Հայաստանի տարածքէն հատուածներ ապօրինի կերպով գրաւուած պահելուն համար:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շեշտած է, թէ Պաքու ցարդ պատասխանատւութիւն չէ կրած Արցախի մէջ գործած իր ցեղասպանական արարքներուն համար եւ աշխարհի ղեկավարները պարտաւոր են COP29 ժողովը օգտագործել՝ պատասխաններ պահանջելու Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց աղաղակող խախտումներուն համար եւ հակազդելու ցեղասպան վարչակազմին գործողութիւններուն։
Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած 3 Հոկտեմբեր 2024 թուակիր նամակին մէջ շեշտուած է հետեւեալը.
«COP29-ի գումարման սեմին, կը խնդրենք Արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ յատկանշական ճնշում բանեցնէ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կառավարութեան վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ միջազգային օրէնքներու պահպանման գծով շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Կ՛ընդգծենք, որ հակառակ անհերքելի ապացոյցներու եւ միջազգային դատապարտումին, Ազերպայճան ցարդ որեւէ պատիժ չէ կրած՝ ցեղային զտում կատարելուն եւ այլ ոճիրներ գործելուն համար»:
Օրէնսդիրները նաեւ կոչ ուղղած են նախարարութեան՝ ապահովելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն, պատանդներուն եւ գերիներուն, ներառեալ հայերուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը՝ հաստատելով, որ Արցախի վրայ 2020-ի մահաբեր յարձակումը, Արցախի 10-ամսեայ շրջափակումը եւ Սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած Արցախի հայաթափումը կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքը եւ յանգեցուցած զգալի եւ շարունակուող մարդկային տառապանքներու:
Գոնկրէսականները նաեւ ընդգծած են, որ տեղահանուած քաղաքացիները պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունքը ունենան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։