Search
Close this search box.

ՄԻԵԱ-ն մերժած է Բերձորի եւ շրջակայ գիւղերու վերաբերեալ Ազերպայճանի դիմումը

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) մերժած է Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու վերաբերեալ Ազերպայճանի դիմումը՝ առարկելով, որ առկայ չէ նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի միջազգային իրաւական հարցերու  ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Օգոստոս 18-ին Ազերպայճան դիմում կատարած էր Ատեանին, խնդրելով որ՝ Հայաստանը ստիպէ «անմիջապէս եւ անվերապահօրէն դադրեցնելու Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու գոյքի ոչնչացումը, ներառեալ բնակարաններու հրկիզումը, եւ տեղեկութիւն տրամադրելու կատարուած աշխատանքներուն մասին»։