Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ու նոր համանախագահ նշանակուած է Ֆիլիփ Ռիքըր

 

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Թամըս Ռիքըրը Կովկասի հարցերու բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր խորհրդական նշանակած է։ Ան պիտի վարէ նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահի պաշտօնը եւ հանդէս պիտի գայ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն ԱՄՆ-ու պատուիրակութեան իբրեւ գլխաւոր բանակցող։ 

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է աջակցելու Հայաստանին ու Ազերպայճանին՝ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն քաղաքական լուծում գտնելու ուղղութեամբ»,– Ռիքըրի նշանակման առիթով յայտնած է Պլինքըն։