Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ու համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ու համանախագահ, Կովկասի հարցերու բանակցութիւններու մէջ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 8-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ Արմէն Եգանեան եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Լին Թրեյսի:

Հիւրերը դիմաւորած եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Ան անդրադարձած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին զետեղուած երեք խաչքարերու պատմութեան, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած Հայերու յիշատակին:

Ֆիլիփ Ռիքըր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք ԱՄՆ-էն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած՝ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար՝ Յարութիւն Մարութեան հիւրին նուիրած է 1890-1922 թթ․ ամերիկեան մամուլի մէջ հրատարակուած հայկական կոտորածներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու երկու հատոր՝ «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» խորագրով։