Մինսքի խումբի վերյառնո՞ւմը

Փորձագէտները, վերլուծաբանները, Մինսքի խումբը մեռած կը սեպէին։ Սակայն, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերու օգնական Քարեն Տոնֆրիտ, Հարաւային Կովկաս իր շրջապտոյտի ծիրէն ներս, «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին՝ անսպասելիօրէն յարութիւն տուաւ անոր, յայտարարելով որ ԱՄՆ պատրաստ է վերստին աշխատելու Մինսքի խումբի եռանախագահութեան ծիրէն ներս։ Առաջին անգամ ըլլալով, ԱՄՆ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գործակցելու Ռուսաստանի հետ Արցախեան հարցը կարգաւորելու համար։

Մինսքի խումբին մասին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովն էր, որ յայտարարած էր թէ ան կը գտնուի կազմալուծման եզրին, պատճառաբանելով որ Ուքրաինայի պատերազմին բերումով՝ ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի բանագնացները կը մերժեն հաղորդակցիլ ռուսական կողմին հետ։

Միայն Հայկական կողմն էր որ յամառօրէն ամէն առիթով կը պնդէր,– ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մակարդակով,– Մինսքի խումբի գործունէութեան անհրաժեշտութեան մասին, Արցախեան կնճիռը լուծելու իբրեւ միակ իրաւասու միջազգային հարթակ, ի հեճուկս Ալիեւի անդադրում յայտարարութիւններուն թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է եւ բնականաբար Մինսքի խումբի գոյութիւնը այլեւս անիմաստ դարձած է։

Քարեն Տոնֆրիտ պնդեց նաեւ որ իրենք պիտի օգտագործեն քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր ձեւաչափերը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, յիշելով նաեւ Եւրոպական Միութենէն Շառլ Միշէլի օգտակար նախաձեռնութիւնը։

Այս յայտարարութիւնները կու գան ընդգծելու ՀՀ կառավարութեան դիւանագիտական աշխուժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքը թէ՛ Արեւմուտքի հետ եւ թէ՛ ռուսական կողմին, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ-ի եւ այլ երրորդ պետութիւններու հետ։

Երեւան Յունիս 10-ին հիւրընկալեց ՀԱՊԿ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը եւ վարչապետը անդրադարձան ՀԱՊԿ-ի՝ ճգնաժամային պահերու միջամտութեան գործողութիւններու կատարելագործման վերաբերող հարցերուն։ Մասնակից պետութիւնները մեծամասնաբար ազերպայճանամէտ դիրքորոշումներ ունենալով, Ներկաներուն եւ յատկապէս Ստանիսլաւ Զասին, ՀԱՊԿ-ի ընրհ. քարտուղարին յիշեցուցին թէ Յունուար ամսուն Կազմակերպութիւնը ճիշդ արձագանգեց Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման իրադարձութիւններուն, սակայն առ այսօր անլոյծ կը մնայ 2021 Մայիսին ազերպայճանական զօրքերու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժման հարցը։

Սէրկէյ Լաւրովի Երեւան այցի ժամանակ նոյնանման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նախարար Միրզոյեան, յոյս յայտնելով որ՝ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը ի վիճակի կ՚ըլլայ վերականգնելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ հաստատուած սթաթուս քուօն եւ Մարտ 24-ին Արցախի Փառուխ գիւղ ներխուժած Ազերպայճանի զինուած ուժերը կը վերադարձուին իրենց նախնական դիրքերը։

Իսկ ՀՀ նախագահ Խաչատուրեանի հետ հանդիպման ծիրէն ներս, առաջին անգամ ըլլալով նախագահ Փութին ընդունած է ռուս խաղաղապահ զօրքերու թերացումը Փառուխ գիւղի դէպքերուն առնչութեամբ։

Հակառակ դրական այս ազդակներուն, Ազերիները նորէն սահմանին փոխհրաձգութեան ընթացքին սպանեցին հայ երիտասարդ զինուոր մը, իսկ հայ ռազմագերիները կը շարունակեն մնալ բանտարկուած Պաքուի ձեռքը։

Ռուսաստանի կողմէ Ուքրաինայի վրայ յարձակումը տարածաշրջանին մէջ նոր իրադրութիւն ստեղծած է։ Ռուսաստան մնալով հանդերձ գլխաւոր դերակատարը, պատերազմը խախտած է ուժերու յարաբերութիւնը։ Մինչեւ Ուքրաինայի պատերազմին աւարտը, տակաւին սպասելի են բազմաթիւ անակնկալներ, որոնք կրնան ամբողջովին դիմափոխել տարածաշրջանին մէջ ուժերու դասաւորումը, որուն համար անհրաժեշտ է նախապատրաստուիլ բոլոր տեսակի հաւանական զարգացումներուն։ Արեւմուտք-Ռուսաստան յարաբերութիւններէն դուրս՝ Իրանը, Վրաստանը, Սաուտական Արաբիան, Քաթարը, արեւելեան Եւրոպան… նոյնքան կարեւոր են տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ նոր գործընկերութիւններ ու դաշնակիցներ ձեռք բերելու տեսանկիւնէն, Ազերպայճան-Թուրքիա անմիջական վտանգը նուազագոյնին իջեցնելու համար։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական