Search
Close this search box.

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ անկանոնութիւնները եւ Հայաստանը

Էմանի­ւէլ Մաք­րոն Ֆրան­սա­յի դես­պաննե­րու տա­րեկան հա­ւաքին իր ար­տա­սանած ճա­ռով անդրա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նին, ընդհա­նուր առ­մամբ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ խախ­տումնե­րու շրջա­ծիրէն ներս։ Նշեց որ Ռու­սաստան Ազեր­պայճա­նի հետ դաշ­նակցե­ցաւ ի վնաս Հա­յաս­տա­նի, վար­չա­պետ Փա­շինեանի՝ Ռու­սաս­տա­նին հա­կառա­կելու յան­դուգն քայ­լին հա­մար եւ երկրորդ՝ մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի յար­գանքի ծի­րէն ներս Ֆրան­սա­յի Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բերած օգ­նու­թեան դի­մաց՝ Ազեր­պայճան հա­կա­ֆ­րանսա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու դի­մեց։

Նա­խագահ Մաքրո­նի խօս­քին մէջ յատ­կանշա­կան էր անդրա­դար­ձը արեւմտեան եր­կու մեծ հա­տուած­նե­րու մի­ջեւ գո­յացած գա­ղափա­րական ճեղ­քե­րուն, որոնք յատ­կա­պէս երէկ՝ նա­խագահ Թրամ­փի իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լէն, իսկ այսօր՝ վե­րընտրու­թենէն ետք աւե­լի շեշ­տուեցան, ինչպէս մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի խախ­տումնե­րու եւ Ուքրա­ինայի պաշտպա­նու­թեան պա­րագաները։ Արեւ­մուտքի դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ ինքնիշ­խան երկրի ներ­քին քա­ղաքա­կան կեան­քին մի­ջամուխ ըլ­լա­լու երեւոյթը նո­րու­թիւն է, մաս­նա­ւորա­պէս Թրամ­փի զօ­րավիգ, գա­ղափա­րակից, մի­լիառա­տէր Իլըն Մաս­քի զօ­րակ­ցութիւ­նը եւ­րո­պական կարգ մը եր­կիրնե­րու,– ինչպէս՝ Գեր­մա­նիոյ, Անգլիոյ,– ծայ­րա­յեղ աջ քա­ղաքա­կան ու­ժե­րուն։

Իլըն Մասք՝ X-ի (նախ­կին Թուի­թըր) ըն­կե­րային ցան­ցի սեփա­կանա­տէրը ըլ­լա­լով, բնա­կանա­բար խոր մտա­հոգու­թեան պատճառ կը դառնան անոր մի­ջամ­տութիւննե­րը, որոնք նոյնքան ծան­րակշիռ են,– եթէ ոչ աւե­լի,– որքան Ռու­սաստա­նի են­թադրեալ մի­ջամ­տութիւ­նը ԱՄՆ-ու եւ եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան։ Եւ այ­լա­պէս կա­րեւոր հարց մը կը յա­ռաջա­նայ, որ թուային ու հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց­նե­րու ապօ­րինի գոր­ծա­ծու­թեամբ՝ պե­տական ապա­հովու­թիւնը խախ­տե­լու սպառ­նա­լիքն է։

Ինչ կը վերաբերի Մի­ջին Արե­ւել­քի ու Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կար­գա­ւոր­ման Ֆրան­սա­յի նա­խա­­գա­հի ռազ­մա­վարա­կան տե­սու­թեան, Հա­յաս­տա­ն գտնուելով եր­կու շատ կա­րեւոր աշ­խարհա­քաղա­քական շեր­տի խաչաձեւման կէ­տին՝ անոր անվտան­գութեան տեսան­կիւնէն առ­կայ է շատ անո­րոշ ու ան­կա­յուն իրա­վիճակ­ներու ստեղ­ծման սպառ­նա­լիքը։ Այդ իրա­վի­ճակ­ներէն առա­ջինն է Իրան–Ռու­սաս­տան–Չի­նաս­տան դա­շին­քի մը ստեղծման հաւանականութիւնը, ինչ որ Հա­յաս­տա­նը պիտի մատնէ շատ ան­պատշաճ կա­ցու­թեան՝ Արե­ւելքի այդ եր­րեակին մի­ջեւ։ Սա կրնայ պատահիլ եթէ Արեւ­մուտքը որո­շէ պատ­ժիչ ու զսպիչ քայ­լե­րու ձեռ­նարկել Իրանի հանդէպ, կանխարգիլե­լու համար անոր հիւ­լէական զէն­քի տի­րացման կարելիու­թիւնը եւ կա­սեց­նե­լու՝ ար­դիական հր­թիռ­ներ ու անօ­դաչու սար­քեր ար­տադրե­լու կա­րողա­կանու­թիւնը։ Այս վար­կա­ծի իրա­կանացումը Իրա­նը պիտի առաջնորդէ Ռու­սաստա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի հետ ռազ­մա­վարա­կան դա­շինք կնքե­լու։

Երկրորդ, նոյն մտահոգու­թիւ­նը առ­կայ է Ազեր­պայճան–Թուր­քիա–Ռու­սաստան դա­շնակ­ցութեան պարագային եւս, եթէ Թուրքիա հա­կադ­րուի Սու­րիոյ քրտա­կան ժո­ղովրդա­վար զօրքե­րուն, որոնք նե­ցու­կը կը վա­յելեն եւ­րո­պական ու արեւմտեան ու­ժե­րուն եւ Իս­րա­յէլի։ Ազեր­պայճան կը փոր­ձէ Իս­րա­յէլի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ միջ­նորդ հան­դի­սանալ, ինչ որ կրնայ յան­գեցնել քիւրտե­րը՝ Թուրքիոյ դի­մաց ան­պաշտպան թո­ղելու սա­կար­կութեան։ Ազեր­պայճան–Թուրքիա–Իս­րա­յէլ գոր­ծակցու­թիւնը նոյնքան վտան­գա­ւոր է Հա­յաս­տա­նի հա­մար,– ինչպէս որ ի յայտ եկաւ 2020-ի պա­տերազ­մին,– որքան վերեւ յիշուած առաջինը։ Ո՛չ Եւ­րո­պան, ո՛չ Միացեալ Նա­հանգնե­րը կրնան առաջ­քը առ­նել Իս­րա­յէլի ցան­կութեան, Իս­րա­յէլի ռազ­մա­վա­րա­կան շա­հերուն, եթէ նժա­րի վրայ դրուի Իս­րա­յէլի պաշտպա­նու­թեան կամ քիւրտե­րու պաշտպա­նու­թեան ընտրու­թիւնը։

Ի տես Եւ­րո­պական Միու­թեան առաջ­նա­կարգ շար­ժիչ ու­ժե­րէն մին հանդիսացող Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հի ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան ռազ­մա­վարա­կան կող­մո­րոշումնե­րուն՝ տա­րածաշրջա­նի աշ­խարհա­քաղա­քա­­կան խմորումնե­րը Հա­յաս­տա­նի դի­ւանա­գիտու­թեան առ­ջեւ կը ցցեն լուրջ մար­տահրա­ւէր­ներ ու ծան­րակշիռ խնդիր­ներ, որոնց լու­ծումը կը պա­հան­ջէ քա­ղաքա­կան տարբեր ու­ժե­րու հա­մագոր­ծակցու­թիւնը, դի­մագ­րա­ւել կարենալու հա­մար ազ­գա­յին անվտան­գութեան դէմ ուղղուած սպառ­նա­լիք­ները։

Ժ.Չ. ■