Միսաք Մանուշեան՝ Փանթէոնի ճամբուն վրա՞յ

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27 թուակիր «Գանառ անշէնէ»-ի մէկ կարճ գրութեան համաձայն՝ նախագահ Մաքրոն որոշած է Միսաք Մանուշեանի աճիւնները փոխադրել տալ Փանթէոն։ 

Իր 21 ընկերներուն հետ 1944 Փետրուար 21-ին գերմանացի նացիներու կողմէ գնդակահարուած՝ ֆրանսական դիմադրութեան խորհրդանիշ, ազատատենչ այս Հայուն յիշատակը սոյն բարձրագոյն պատիւին արժանի դարձնելու հարցը, վերջին շրջանին, շատ յաճախ օրակարգի կը բերուէր ֆրանսացի քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերու կողմէ։ 

Ըստ երեւոյթին, նախագահ Մաքրոն ալ համոզուած է այս կարգադրութեան անհրաժեշտութեան։ «Գանառ» կը նշէ նաեւ թէ Մանուշեանի «փանթէոնականացում»-ը, ինչպէս կ՚ըսեն ֆրանսական լրասփիւռները,– մեծ հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ 2024-ին, Ցամաքահանման եւ Ֆրանսայի ազատագրման 80-րդ տարեդարձին առթիւ։