Դեկտեմբեր 31-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ:
«Նախարարները քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկկողմ եւ միջազգային հարցեր»,– կը հաղորդեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն, առանց մանրամասնելու:
Շուրջ տասը օր առաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան նախարարներու խորհուրդի 49-րդ հանդիպումին ունեցած իր ելոյթին յայտարարած էր, թէ Երեւանի ու Անգարայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է միասնաբար գնահատելու Գիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանը անցնելու թեքնիք պահանջները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։