Search
Close this search box.

Միրզոյեան. «ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան գործուղումը Արցախ առանցքային գործօն է մշակութային արժէքներու ոչնչացումը կանխելու հարցին մէջ» 

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 42–րդ նստաշրջանին ելոյթ ունեցած է։ Ան յայտարարած է,  թէ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի 10-ամսեայ շրջափակումը, մարդասիրական ճգնաժամը, լայնածաւալ ռազմական յարձակումն ու խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու անխտիր թիրախաւորումը յանգեցուցած են Արցախի բնիկ ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման` զանոնք ստիպելով լքելու իրենց տուները՝ իրենց ետին թողլով սրբավայրերն ու հազարամեայ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։

Նախարարը նշած է, որ շատ կարեւոր է վանդալականութենէ եւ թալանէ պաշտպանել Արցախի մէջ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։

“2020 թուականի աշունէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակաբար ահազանգեց միջազգային հանրութեան Արցախի եւ շրջակայքի հսկայական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման՝ Ազերպայճանի պետական քաղաքականութեան մասին”,– ըսած է ան՝ շարունակելով. “Հայկական մշակութային ժառանգութեան անկախ մնայուն դիտարկման եւ քարտէսագրման նպատակով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անկախ փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Արցախ առանցքային գործօն է հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացումը կամ խեղաթիւրումը կանխելու հարցին մէջ”։

Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցած է կառոյցի գլխաւոր տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէի հետ, անգամ մը եւս ընդգծած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի արագ արձագանգի անհրաժեշտութիւնը եւ բռնի տեղահանուած գաղթական երեխաներու կրթական կարիքներու գնահատման նպատակով Կազմակերպութեան կողմէ հրատապ առաքելութեան Հայաստան գործուղման կարեւորութիւնը։

«Երկուստեք ընգծուած է Լեռնային Ղարաբաղ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու կարեւորութիւնը՝ տեղւոյն վրայ մշակութային յուշարձաններու անկախ մնայուն դիտարկում եւ քարտէսագրում կատարելու նպատակով», – ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։